Անուանի Երգահան Ռայմոնտ Փաուլսը Պիտի Մասնակցի «Էրեբունի-Երեւան» Տօնակատարութեան
Պաշտօնական այցով Ռիկա գտնուող Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, ճազմէն Լեւոն Մալխասեանի եւԵրեւանի աւագանիի անդամ Հրանդ Թոխատեանի հետ միասին, Ռայմոնտ Փաուլսի հրաւէրով հիւրընկալուած ենլատվիացի յայտնի երգահանին մօտ:
Ողջունելով քաղաքապետին եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներուն` Ռայմոնտ Փաուլսը նախ շնորհաւորածէ հիւրերուն Երեւանի եւ Ռիկայի միջեւ եղբայրացման համաձայնագիր կնքելու առիթով:

Յայտնի երգահանը նաեւ յոյս յայտնած է, որ ստորագրուած համաձայնագիրի ծիրէն ներս ալ աւելի կը սերտանան նաեւերկու մայրաքաղաքներու միջեւ առկայ մշակութային յարաբերութիւնները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան իր հերթինվստահեցուցած է, որ Ռիկայի հետ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը իսկապէս մեծ ներուժ ունի, ինչպէս նաեւմշակոյթի ոլորտին մէջ: Առիթէն օգտուելով ` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը Ռայմոնտ Փաուլսին հրաւիրած է մասնակցելու «Էրեբունի-Երեւան 2795» տօնակատարութիւններուն:

Յայտնի երգահանը սիրով ընդունած է Տարօն Մարգարեանի հրաւէրն ու խոստացած է անպայման այցելել Երեւան եւերեւանցիներուն հետ միասին տօնել քաղաքի օրը: