Արա Կարապետեանը Կը Ղեկավարէ Մոսկուայի Ստանիսլաւսկիի ԱնուանԵրաժշտական Թատրոնը

Ստանիսլաւսկիի եւ Նեմիրովիչ-Դանչենկոյի անուան մոսկովեաներաժշտական թատրոնի գլխաւոր ղեկավար կը դառնայ խմբավար ԱրաԿարապետեանը: Այս մասին կը հաղորդէ Lenta-ն, ըստ թատրոնի նախկինղեկավար Վլատիմիր Ուրինի յայտարարութեան, որ նշանակուած էՊետական ակադեմական մեծ թատրոնի տնօրէն: Այս պաշտօնին ան փոխարինած է Անատոլի Իկսանովին:

Վլատիմիր Ուրինը յայտարարած է, որ Մեծ թատրոն չի հրաւիրերՍտանիսլաւսկիի եւ Նեմիրովիչ-Դանչենկոյի անուան երաժշտականթատրոնի թիմի անդամներուն: Անոր խօսքերով` ինք չի ցանկար քանդելերաժշտական թատրոնը եւ կը պատրաստուի աշխատիլ Մեծ թատրոնիանձնակազմին հետ:
Արա Կարապետեանը 1997 թ. եղած է Ստանիսլաւսկիի անուաներաժշտական թատրոնի խմբավարը: 2005 թ. ան եղած է Ուրինի առաջինտեղակալը: Ան, մասնաւորապէս, եղած է Ռիմսկի-Կորսակովի «ՀեքիաթՍալթան թագաւորի մասին», Պուչինիի «Մատամ Պաթերֆլայ»ներկայացումներու բեմադրող խմբավարը: Կարապետեանը եղած է«Նորդ-Օստ» միւզիքլի ղեկավարը:
Scroll Up