«Սեւր-2015».Պաշտօնապէս ստեղծուած է «Մխիթար Հիմնարկ»ը

Պաշտօնապէս ստեղծուած է «Մխիթար Հիմնարկ»ը, որ ռազմավարական կարեւոր գործակցութիւն պիտի ծաւալէ «Պիւլլիւքեան Հիմնարկ»ին հետ: Մօտ օրէն պիտի յայտարարուի նաեւ ազգային հանգանակութիւն:

Այս Հիմնարկը պիտի հանդիսանայ Սեւրի ապագայ ծրագիրը կառավարող կառոյցը: «Սեւր-2015»ի փոխնախագահ Ռոպէր Այտապիրեան այս մասին յայտարարած է. “Հպարտ ենք ծրագրին յաջող ընթացքին տեսանկիւնէն՝ ճակատագրական այս փուլը բոլորած ըլլալով: Կը յառաջանանք գործօն եւ գործնապաշտ քայլերով: Յարգեցինք նշեալ հիմնարկի ստեղծման համար յայտարարուած պայմանաժամը, որ Յունիսի վերջաւորութիւնն էր”:

Ինչ կը վերաբերի «Լէա եւ Նափոլէոն Պիւլլիւքեան Հիմնարկ»ին հետ գործակցութեան, այս վերջնոյս նախագահը Ժան-Փիէր Գլավրան յայտարարած է, թէ հրապուրուած են Սեւր-2015ի մօտեցումով եւ անոր թելադրած տեսլականով, որ հայկական ինքնութիւնը կը դրոշմէ ֆրանսական ընկերութեան սրտին վրայ իսկ:

«Սեւր-2015»ի փոխնախագահ եւ Մխիթարեան Միաբանութեան ներկայացուցիչ Հ. Յարութիւն Վրդ. Պզտիկեան եւս բոլորովին քաջալերելով այս գործակցութիւնը, ըսած է՝ նկատի ունենալով երկու Հիմնարկներուն աշխարհագրական դիրքերը, թէ անով «ազգային նոր ծաւալ» կը ստանայ ծրագիրը, եւ աւելցուցած է. “Անոնց փոխադարձաբար լրացուցիչ հանգամանքը յատկանշականօրէն պիտի զօրացնէ հայկական մշակոյթին ճառագայթումը Ֆրանսայի մէջ”:

Իսկ «Սեւր-2015»ի ընդհանուր քարտուղար Լեւոն Փափազեան ալ ըսած է, որ “Այս նոր հանգրուանը թոյլ պիտի տայ բոլորին՝ շօշափելի ձեւով աջակցիլ հայկական այս վայրի ստեղծման ծրագրին՝ նուիրատւութիւններու, կտակներու կամ այլ ձեւի նուէրներու միջոցով, օգտուելով հանդերձ անոնց ընձեռած հարկային առաւելութիւններէն”: Այս գծով, «Սեւր-2015» կը մշակէ համազգային լայնածիր դրամահաւաք մը, հանգանակելու համար ժողովուրդին ներդրումը, որ պիտի գայ աւելնալ տեղական եւ շրջանային պետական կառոյցներու տրամադրելիք գումարներուն վրայ:

Յիշեցնենք, որ Սեւրի այս կեդրոնը պիտի ունենայ յուշահամալիր մը եւ թանգարան մը, պաշարներու կեդրոն մը եւ բանախօսութիւններու կեդրոն մը: Անոր դռները բաց պիտի ըլլան հանրութեան, բայց նաեւ գիտաշխատողներու եւ կրթական աշխարհին:

Ելգիր՝ contact@sevres2015.org
Կայքէջ՝ http://www.sevres2015.org
Դիմագիրք՝ http://www.facebook.com/pages/Associatio-Sèvres- 2015/553177194708978?ref=hl
Թուիթըր՝ https://twitter.com/Sevres2015

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up