Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Փարիզի եւ Մարսէլի հայկական վարժարաններու սաները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/04/m15.jpg)
Ապրիլ 29-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Փարիզի «Համազգային» եւ Մարսէլի «Դպրոցասէր» վարժարաններու սաները` ուղեկցութեամբ Մայր Աթոռի բարերար տիար Սարգիս Պետոյեանի:
Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը բերաւ սաներուն` կարեւոր համարելով Ֆրանսայի հայկական վարժարաններուն կողմէն շարունակական բնոյթ կրող ամենամեայ այցելութիւնները Հայրենիք:
Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած արարողութիւններուն` Ամենայն Հայոց Հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց, որ ֆրանսահայ վարժարաններու սաները հնարաւորութիւն ունեցած են մասնակցելու Մայր Աթոռին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութեան: Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ սուրբ նահատակներու բարեխօսութեամբ վերջիններուս գիտակցութեան մէջ նախանձախնդրութեան ոգին պէտք է աւելի զօրանայ` պայքարելու արդարութեան վերականգնման համար: Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծեց` քանի դեռ ոճրագործութիւնը արժանի ու արդար դատապարտում չէ ստացած մարդկութեան կողմէ, նմանօրինակ ոճիրներու կրկնութեան վտանգը անխուսափելի է:
Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը, խօսելով ազգային ինքնութեան պահպանութեան անհրաժեշտութեան մասին, պատգամեց պատանիներուն ըլլալ Հայրենիքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ արժանաւոր զաւակներ, հոգիներուն մէջ անխախտ պահել նախնիներու կողմէ աւանդուած ժառանգութիւնն ու սէրը ազգին, Հայրենիքին եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ:
Հանդիպման ներկայ էր Պրազիլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Պերպերեան: