Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները Հոլանտայյի մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ  տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս  Հոլանտայի տարբեր համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած են բողոքի հանրահաւաքներ, քայլերթեր, երկրի խորհրդարանին եւ շարք մը դեսպանատուներու  հանրագիրներու փոխանցումներ, ինչպէս նաեւ լոյս  ընծայուած են նոր գիրքերու, կազմակերպուած են համերգներ, յուշ-երեկոներ: Հոլանտահայերը այցելած են տարբեր քաղաքներու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներ` գլուխ խոնարհելու եւ ծաղկեպսակ զետեղելու: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Հոլանտական օրագիրը:

Հաագայի մէջ Ապրիլ 18-ին տեղի ունեցած է  բողոքի զանգուածային հանրահաւաք  եւ երթ: Բազմահազարանոց քայլերթը Թուրքիոյ դեսպանատուն կը յիշեցնէր վիշտի, ցասումի ու պահանջատիրութեան ուղին, որ կը ստիպէր պատմութեան անիւը ետ դարձնել:

Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման  ձեռնարկները Ասենի եւ Ալմելոյի Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններ այցելութիւններն էին, ուր անմեղ նահատակներուն իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մօտ 5000 հայորդիներ ու բարեկամ ազգութիւններու ներկայացուցիչներ: Սա, հայկական կառոյցներու նպատակաուղղուած աշխատանքի արդիւնքն է:

Այս ընթացքին համախմբուած աշխատեցան հոգեւոր կառոյցներն ու աւանդական կուսակցութիւնները, հոլանտահայ կազմակերպութիւնները, որոնց ջանքերու միաւորումը  օրինակելի  եւ ողջունելի քայլ է:

Այսուհետեւ Հայ դատի հարցը  իւրաքանչիւր հայու նուիրական երազանքը պէտք է ըլլայ:

 

Scroll Up