Ապրիլ 24-ին Ֆրանկֆորտի մէջ ոգեկոչած են Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը

Սոյն թուականի Ապրիլի 24-ին Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի (ԳԿԽ) եւ Գերմանիոյ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման կեդրոնական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Մայնի Ֆրանկֆորտ քաղաքի Սուրբ Պօղոսի (Փաուլս) եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւն:

Ոգեկոչման արարողութեան ներկայ էին Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի տեղակալ Աշոտ Սմբատեան, Հեսսենի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս, Լիբանանի պատուաւոր հիւպատոս, Գերմանիոյ Ասորիներու Միութեան նախագահ, միջ-եկեղեցական ներկայացուցիչներ, գերմանացի մտաւորականներ եւ 1000-է աւելի ներկաներ’ ժամանած Գերմանիայի տարբեր վայրերէն:

Ձեռնարկի բացումը կատարեց Գերմանահայոց Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապէտ Դտ.Նազարէթ Աղեկեան: Աղեկեան իր խօսքի մէջ նշեց թէ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը առաջին հերթին ուղղուած է Թուրքիոյ պետութեան: Այն իր պատմութեան մաս պէտք է համարէ Ցեղասպանութիւնը, դատապարտէ եւ վերապրողներէն ներողութիւն խնդրէ: Պէտք է պատասխանատու ըլլայ իր պատմական յանցանքի, ինչպէս նաեւ վերապրողներու եւ անոնց շարունակող սերունդներու համար»: Դտ.Աղեկեանը շարունակեց «այս առիթով կուզէի շնորհակալութիւն յայտնել Գերմանիոյ Դաշնութեան Նախագահ Դտ. Եոահիմ Գաուկին եւ Գերմանիոյ Բունդեսթագի նախագահին ճշմարտութիւնը գիտակցելու եւ կոտորածները Ցեղասպանութիւն կոչելու համար»:

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանի տեղակալ պրն. Աշոտ Սմբատեանը պատմական ակնարկ նետելով Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ նշեց որ այս դէպքէն 100 տարի անց հայ ժողովուրդի պայքարը նոր եւ աւելի եռանդուն փուլ կը թեւակոխէ : Օրուան խօսքը փոխանցեց Քոսթանց համալսարանէն պրոֆ. Դտ. Ալէիդա Ասսման:

Գեղարուեստական բաժնի մէջ համերգով հանդէս եկան յանրայայտ մենակատարներ Կարինէ Բաբաջանեան եւ Միքայէլ Բաբաջանեան ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Անահիտ Տէր-Խաչատրեանի: Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Գարեգին Պէքճեան-ի Հոգեհանգստեան աղօթքով:

ԳԿԽ-ի ՎարչուԹիւն Ֆրանկֆորտ

Scroll Up