Շուէտ Պատգամաւորը Պիտի Աառաջարկէ Իր Երկրի Դպրոցներուն Մէջ Դասաւանդել Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

Շուէտ պատգամաւոր Հանս Լինտը Շուէտի դպրոցներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ դասաժամեր յատկացնելու առաջարկը պիտի ներկայացնէ իր երկրի խորհրդարանին:

Այս մասին  NEWS.am-ի ըսած է պատգամաւորը, որ Հայաստան կը գտնուէր Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն մասնակցելու համար:

«Այստեղ գտնուելով ես բազմաթիւ նոր փաստեր բացայայտած եմ, գիտելիքներ ձեռք բերած եմ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Պէտք է նշեմ, որ միայն ճանաչման խնդիրը չէ, նաեւ գիտելիքներու խնդիրն է, ես կը ցանկանամ, որ Շուէտի դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն սորվեցնեն  Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիտելիքներ: Ես այդ հարցը պիտի բարձրացնեմ խորհրդարանին, պիտի առաջարկեմ, որ ոչ միայն Շուէտի այլեւ Եւրոմիութեան այլ երկիրներու դպրոցներու մէջ նոյնպէս աշակերտները սորվին Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ինչպէս Հոլոքոսթի մասին կը սորվին»,- ըսած է ան:

Շուէտ պատգամաւորը յոյս յայտնած է, որ Թուրքիան օր մը պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ իրենք Հայաստան ու Թուրքիան պիտի կը տեսնեն Եւրոմիութեան կազմին մէջ:

Scroll Up