Խաչքարերու յուշահամալիր` Ոստիկանական զօրքերու 10/33 զօրամասին մէջ

Ոստիկանական զօրքերու 10/33 զօրամասին մէջ գնդապետ Գուրգէն Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ, որ միշտ աչքի ինկած է իր ենթակայութեան տակ ծառայող զինուորներուն ռազմահայրենասիրական ոգով դաստիարակելու պատրաստակամութեամբ եւ ոչ սովորական լուծումներով, 2015թ Ապրիլ 16-ին տեղադրուեցաւ խաչքարերու յուշահամալիր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանոււթեան 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին:

10/33 զօրամասը Սփիւռքի նախարարութեան գործընկերն է եւ ամենաաշխոյժ մասնակցութիւնը ունի անոր ծրագիրներուն` մասնաւորապէս «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի իրականացման գործին մէջ: «Արի տուն» ծրագիրով Հայաստան եկած աւելի քան 50 երեխայ կը հիւրընկալուին զօրամաս եւ կը ծանօթանան զինուորներու առօրեային:

Գուրգէն Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ 2012թ.-ին զօրամասի տարածքին մէջ կառուցուեցաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին մատուռը, որ միշտ լեցուն է զինուորներով:

2013թ-ին կառուցուեցաւ զոհուած զինծառայողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր, ուր իրենց մարտական ընկերները կ’այցելեն եւ ծաղիկներ կը դնեն:

Գուրգէն Գրիգորեանի եւ անոր ղեկավարած զօրամասին համար աւանդոյթ դարձած է տարեկան 4 անգամ Գաւառի մանկատուն այցելելը:

 

Scroll Up