ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան ընդունեց աւստրալացի գրող, ՄԱԿ-ի աշխատակից Լէն Ուիքսը եւ աւստրալահայ Վարդգէս Սարգսեանը

Ապրիլ 27-ին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան ընդունեց աւստրալացի գրող, ՄԱԿ-ի աշխատակից Լէն Ուիքսը եւ աւստրալահայ Վարդգէս Սարգսեանը:

gargule.net ելեկտրոնային կայքի հիմնադիր Վարդգէս Սարգսեան ներկայացուց կայքի գործունէութիւնն ու նպատակը, որու թիրախը Հայոց ցեղասպանութեան քարոզչութիւնն է վիրթուալ ճանապարհով:

Այնուհետեւ Լէն Ուիքս, որ միաժամանակ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ քաղաքացի է,  փոխնախարարին ներկայացուց իր «ծագումը: Բացայայտում» վէպը, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան, մշակոյթի եւ գոյատեւման մասին: Հեղինակի նպատակն է ողջ աշխարհին հասանելի դարձնել Հայաստանի եւ անոր դարաւոր պատմութեան մասին ճշմարտութիւնը: Ուիքս նշեց, որ սկիզբը վէպ գրելու մտադրութիւն չէ ունեցած, սակայն Հայաստան, մասնաւորապէս Վայոց Ձորի մարզ` Արէնի այցելելէ յետոյ, ոգեշնչուելով Նորավանքը շրջապատող բարձրաբերձ լեռներով, հին հնագիտական քարանձաւով, հայկական գինիով եւ հայ ժողովուրդի մշակոյթով` հասկցած է, որ կայ անծանօթ բան  մը, բայց իմաստալից պատմութիւն, որ արժէ պատմել:

Ուիքս յայտնեց նաեւ գիրքի հիման վրայ ֆիլմ նկարահանելու մտադրութեան մասին, որ կարեւոր ուղերձ կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ այն պետութիւններուն, որոնք Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու  խիզախութիւն չեն ունեցած:

Սերժ Սրապիոնեան բարձր գնահատեց  նախաձեռնութիւնը եւ կարեւոր համարեց այն, որ օտարերկրացիները կը գրեն Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի մշակոյթի եւ պատմութեան մասին` այն լսելի դարձնելով ամբողջ աշխարհին:

Լէն Ուիքս «ծագումը: Բացայայտում» գիրքը  նուիրեց Սփիւռքի նախարարութեան:

gir

Scroll Up