Իբրեւ Եկիր Փոքր Ենք, Իբրեւ Ազգ`Շատ Մեծ. Հրանոյշ Յակոբեան
լիբանանահայ լրագրող եւ հայոց լեզուի ուսուցչուհի Պայծիկ Գալայճեան հարցազրոյց ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, անոնք զրուցեցին Ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին տրուած պատարագի պատմական նշանակութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիրի հիմնարար դրոյթներուն, Ապրիլ 22-24 ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկներուն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն:
Տիկի՛ն Նախարար, Հայաստան կ’ապրի պատմական ժամանակաշրջան մը, ի տես Հայոց Ցեղասպանութեան 1ՕՕ-րչ տարելիցի ոգեկոչումներուն: Այսպիսի մեղուաջան աշխատանքային մթնոլորտի մը մէջ յանկարծ կ’իմանանք, որ մէկ օրուան ընթացքին ճանապարհորդեցիք դէպի Վատիկան, ներկայ գտնուելու համար այլ պատմական իրադարձութեան մը, որ շեփորելով արձագանգ հնչեցուց համայն աշխարհի տարածքին:
Ապրիլի 12-ին Վատիկանի մէջ Նորին Սրբութիւն Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի կողմէ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին տրուած պատարագի պատմական նշանակութեան մասին Ձեր խորհրդածութիւնները:
Հռոմի Պապին կողմէ ծրագրուած այս իրադարձութեան մասնակից դառնալու համար, կ’արժէր կրկին ծնիլ: Իրադարձութիւնը իրօք պատմական նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ Հռոմի Պապի հեղինակութիւնը, որպէս երեւոյթ, հզօր պատգամ ուղարկեց աշխարհի բոլոր մեծերուն: Ան յայտարարեց ի լուր աշխարհին, թէ իրենք ճշմարտութեան կողմնակից են, իրենք արդարութեան հետն են, իրենք կ’ոգեկոչեն մէկ ու կէս միլիոն զոհուած հայ ժողովուրդին յիշատակը: Ան յստակօրէն զուգահեռ կատարեց «Հոլոքոսթ»ի եւ «Սթալինեան բռնատիրութիւն»ներու հետեւանքով տեղի ունեցած սպաննութիւններու միջեւ եւ շեշտեց նաեւ, որ եթէ յատնէին Հայկական ցեղասպանութիւնը ճանաչում գտնէր ու դատապարտուէր, հաւանաբար յաջորդող ջարդերը տեղի չէին ունենար:
Միջազգային մամուլի արձագանգը «արդարօրէն» ընդվզեցուց Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը: Հայկական առումով ինչպիսի՞ արժեչափեր պէտք է որդեգրել:
Ես կը կարծեմ, որ այդ աստուածային մարդը, ամէն օր Աստուծոյ հետ խօսող մարդը յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, համայն աշխարհին իր վեհութեամբ ներկայացնելու Հայկական Դատը: Ես իբրեւ հայ մարդ, այդ օր առաւել եւս յուզուած էի ի տես տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, որովհետեւ այդտեղ էր իմ ազգիս սեռուցքը. Այդտեղ էր երկրիս նախագահն ու Ամենայն Հայոց վեհափառը, Մեծի ՏաննԿիլիկիիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ը եւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը: Այնտեղ էին աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներէն ժամանած համայնքային ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու այդ հոգեպարար արարողութեան: Այս երեւոյթը ցոյց տուաւ, որ Հայ ժողովուրդը միակա՛մ է, միասի՛ն է յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի մեր պատմութեան ու ժողովուրդին: Ըստիս, այս երեւոյթը ինքնին մեր ամենամեծ նուաճումն էր վերջին ժամանակահատուածի ընթացքին, որովհետեւ այդ արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ օտարներ, օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներ. Իսկ ամենակարեւորը՝ միջազգային մամուլի արձագանգն էր, որ արդարօրէն ներկայացուց այն ամէնը, ինչ որ տեղի կ’ունենար հոն՝ այդ հոգեւոր կեդրոնին մէջ: Միւս կողմէ ուրախ եմ նաեւ, որ Թուրքիան մեծ լարուածութեան մէջ ինկաւ եւ նոյն օրն իսկ Վատիկանի իր դեսպանը տուն կանչեց: Իր այս ընթացքով, Թուրքիա անգամ մը եւս միջազգային հանրութեան ներկայացաւ իր իսկական դիմագիծով: Հետեւաբար պահն է, որ ան անդրադառնայ, թէ յետայսու կարելի չէ կեղծել ու ժխտելը, այլ պարտաւորութիւնը ունենայ ճանչնալու, դատապարտելու եւ զբաղելու հետեւանքներու վերացման հարցերով:
1ՕՕ-րդ տարելիցի առնչութեամբ տեղի ունենալիք ձեռնարկներու ծիրէն ներս յատկանշական է սրբադասումի արարողութիւնը, որ ոչ միայն պատմական նշանակութիւն լունի, այլեւ համայն աշխարհին փոխանցելիք խորհուրդ մը:
Ապրիլ 23-ին, իբրեւ միւս կարեւոր հոգեւոր հարցը կարելի է բարձրաձայնել, երբ երկու կաթողիկոսներու ձեռամբ, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածնի մէջ պիտի սրբադասուին մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակները: Այս կապակցութեամբ կարելի է հպարտօրէն յայտնել, թէ ե՛ւ Գարեգին Բ.ի եւ թէ՛ Արամ Ա-ի փոխանցած պատգամները ծանրակշիռ էին եւ կանխամտածուած, դէպի աշխարհ ուղղուած էին եւ շատ կարեւոր յատկապէս որ անոնք կ’արձագանգուէին Սբ. Պօղոս եւ Սբ. Պետրոս եկեղեցիի խորանէն: Սրբադասելով մեր անմեղ զոհերը, մենք յիրաւի հրաշալի գործ կը կատարենք, որովհետեւ100 տարի շարունակ անոնք մնացած էին անթաղ. Անոնք քրիստոնէական թաղում չէին ունեցած. Կա՛մ ջրախեղդ եղած էին, կա՛մ սար ու ձորերէն վար նետուած եւ կա՛մ ալ անապատներու մէջ իրենց մահկանացուները կնքած: Զանոնք սրբադասելով, մենք վերջապէս հանգիստ ու խաղաղութիւն տուած կ’ըլլանք անոնց հոգիներուն եւ ուրուականներուն: Այս մէկը իրօք շատ կարեւոր կարելի է նկատել, մանաւանդ որ 400 տարի շարունակ հայ եկեղեցին չէ զբաղած սրբադասումով:
ԸՆԴԴԷՄ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԼՈՊԱԼ ՖՈՐՈՒՄ-ը կը միտի նաեւ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռելու Հայոց Ցեղասպանութեան եւ գործադրուած այլ ցեղասպանութիւններու վրայ:
Վերոյիշեալ արարողութիւնները անկասկած որ ունին նաեւ իրենց քաղաքական մեծ նշանակութիւնը, յատկապէս որ 22-23 Ապրիլին, Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Ընդդէմ Ցեղասպանութիւններուն կլոպալ ֆորում»ը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 100 երկիրներու խորհրդարաններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական ու պետական դէմքեր եւ այլ ականաւոր մարդիկ, որոնք պիտի եկան փաստօրէն Ո՛Չ ըսելու ցեղասպանութիւններուն: Անոնք եկան իրենց ձայնը միացնելու հայկական իրականութեան, եկան որպէսզի կարենանք միասնաբար մեծ գործ ընել, աշխարհի ուշադրութիւնը բեւերել Հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ գործադրուած այլ ցեղասպանութիւններու վրայ, որպէսզի յետայսու չկրկնուի նմանօրինակ ցեղասպանութիւններ: ԱՅԼԵՒՍ ԵՐԲԵՔ կարգախօսը պէտք է դառնայ Հայ ժողովուրդը ներկայացնող կարգախօս, որովհետեւ մենք ազգովին ականատեսը դարձեր ենք ցեղասպանութեան, իւրաքանչիւր հայ ընտանիք ապրած է այդ արհաւիրքը, հետեւաբար մենք պէտք է թոյլ չտանք որ ան կրկնուի, պէտք է պայքարի՛նք, որպէսզի որեւէ տեղ այս երկրագունդի վրայ յետայսու ցեղասպանութիւն տեղի չունենայ:
100 –րդ տարելիցի ծիրէն ներս իրականացուած մշակութային ձեռնարկները, իրենց քաղաքական ազգային բնոյթով նոր վերածնունդ մը պիտի պարգեւե՞ն մեր ազգի զաւակներուն:
Թէեւ պիտի չուզէի անդրադառնալ այն շատ կարեւոր միջոցառումներուն, սակայն մեզի համար շատ խոր նշանակութիւն ունի ներկայութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին՝ մեր ռազմական դաշնակիցին ու լաւ բարեկամ Փութինին, մեր լաւ բարեկամ ու դաշնակից՝ Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտին, Կիպրոսի մեր բարեկամ՝ ժողովուրդի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիսին ու Հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանին եւ այլ երկիրներու նախագահներ, արտաքին գործոց նախարարներ, խորհրդարանի նախագահներ, պաշտպանութեան նախարարներ, պատգամաւորներ, քաղաքական կարկառուն դէմքեր պիտի մասնակցութիւն բերեն մեր ամենագլխաւոր միջոցառումներուն եւ արարողութեան: Իսկ Ապրիլ 24-ը իր բնոյթով եւ որակով շատ մեծ հայկական, ազգային, ցաւի եւ վերածնունդի ձեռնարկ պիտի ըլլայ: Մենք աշխարհին պիտի ներկայանանք որպէս հզօր, կարող, ուժեղ, կազմակերպուած եւ միաձոյլ ազգ. Մենք աշխարհին պիտի ըսենք, թէ այլեւս փոքր ազգ չենք, այլ անցնող100 տարիներու ընթացքին, մենք ձգտած ենք հասնելու 12 միլիոնի, եւ մենք շարունակելու ենք մեր պայքարը, հակառակ անոր որ թուրքը ուզեց միայն մէկ հայ ձգել աշխարհի երեսին, այն ալ թանգարանի մէջ, սակայն այդ մէկն ալ չի յաջողեցաւ իրագործել: Այսօր հայեր առաւել եւս կազմակերպուած, առաւել եւս գրագէտ ու կարող են, քան 20րդ դարու առաջին տասնամեակին: Միւս կողմէ, անկախ այն ամէն ինչէն, թէ մենք ուր հասած ենք, սկսեալ տիեզերքի ամենափոքր երախայէն, մենք շարունակելու ենք մեր պայքարը, շարունակելու ենք անընդհատ, քանի դեռ չէ յաղթանակած արդարութիւնը, քանի դեռ մարդու իրաւունքները, անհատական իրաւունքները, համայնքային ու համազգային իրաւունքները չեն բաւարարուած: Այս բոլորին մենք պէտք է հասնինք ազգովին, միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած, համախմբուած: Եւ այս քաղաքականութիւնը որ մենք կ’ապրինք փոքր տարածքի վրայ որպէս երկիր՝ այո՛ փոքր ենք, սակայն որպէս ազգ մենք շատ խոշո՛ր ենք: Ա՛յս է կարեւորագոյն նուաճումը այսօր համայն աշխարհին: