Ժենգեալով հացի փառատօն` Արցախի Ծաղկաշատ գիւղին մէջ

ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ծրագիրի ծիրէն ներս, ս. թ. Ապրիլ 29-ին Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ գիւղի Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանի տարածքին մէջ առաջին անգամ պիտի կազմակերպէ «Ժենգեալով հացի փառատօն»: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ մշակոյթի նախարարի օգնական Արեւիկ Յովսէփեան:

Լեռնային  Ղարաբաղի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր շրջան փառատօնին պիտի ներկայանայ արցախեան ամենաճանաչուած ուտեստի` ժենգեալով հացի պատրաստման գործին մէջ հմուտ եւ արհեստավարժ մասնակիցներով: Փառատօնին պիտի ներկայացուի Ժենգեալով հացի պատրաստման ողջ գործընթացը, որն պիտի ուղեկցուի ուտեստի հետաքրքիր մատուցմամբ:

Փառատօնի նպատակն է արցախեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու պահպանումն ու հանրահռչակումը,  ազգային աւանդոյթներու, սովորոյթներու, ազգագրական առանձնայատկութիւններուն հանդէպ հոգածութեան եւ յարգանքի արմատաւորումը:

Ժենգեալով հացը կը համարուի արցախեան խոհանոցի «այցեքարտը»: Ալիւրէ, կանաչեղէնէ, ձէթէ ու համեմունքներէ պատրաստուող  բացառիկ այս ուտեստը Արցախի մէջ կը պատրաստուի շատոնց,  իսկ գրաւոր աղբիւրներու մէջ յիշատակուած է XIX դարու վերջերը, երբ գրաւոր աւանդուած է արցախեան բանահիւսութիւնը:
2013թ. ժենգեալով հացը ընդգրկուած է ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ հաստատուած` Արցախի Հանրապետութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժէքներու ցանկին մէջ:

Ժենգեալով հացի փառատօնը,  ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախեան խոհանոցի փառատօնի ծիրէն ներս կազմակերպուող երրորդ ձեռնարկն է: 2014թ. Ասկերանի շրջանի Խանցք գիւղին մէջ կազմակերպուած է թոնրահացի, Հադրութի շրջանի Դրախտիկ գիւղին մէջ`  արցախեան թթուի փառատօնը:

Ձեռնարկի մեկնարկը կը տրուի Ապրիլ 29-ին` ժամը 13:00-ին: Փառատօնը կ’ուղեկցուի աւանդական հիւրասիրութեամբ, հետաքրքիր խաղ-մրցոյթներով, համերգային ծրագիրով, արցախեան մշակոյթի ներկայացման այլ ձեռնարկներով:

Մուտքտ ազատ է:

Scroll Up