Հազարաւոր Հայեր Ցոյցի Ելած Են Նիւ Եորքի Մէջ` Կոչ Ընելով Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Քանի մը հազար հայեր Ապրիլ 26-ին, բողոքի ցոյց կատարած են Նիւ Եորքի մէջ` պահանջելով Թուրքիայէն ճանչալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ցուցարարները երթով հայկական Սուրբ Վարդան եկեղեցիէն հասած են Թայմզ Սքուեր: Հազարաւոր հայեր երկրի երեւելքէն հաւաքուած են Թայմզ Սքուեր հայկական դրօշներով եւ պաստառներով:

Ամերիկեան ծերակուտական Չարլզ Շումերը ցոյցի ժամանակ յայտարարած է, որ ինք այսօր այստեղ կանգնած է, որպէսզի համոզուի, որ «անոնք, որոնք կը ժխտեն ցեղասպանութիւնը, արեւի տակ տեղ չունին»,- կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով NBC New York-ը:

Ելոյթ ունեցողներուն մէջ եղած են նաեւ հրեական համայնքի ներկայացուցիչներ, թուրք պատմաբան եւ հրապարակախօս Թաներ Աքչամը: «Շատ տագնապալի է, որ ԱՄՆ-ը մինչեւ այսօր չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը»,-ըսած է ան:

Scroll Up