Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց «Յովնանեան» դպրոցի սաները
Ապրիլ 26-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց «Յովնանեան» դպրոցի (Նիւ Ճերսի, ԱՄՆ) սաները` ուղեկցութեամբ Մայր Աթոռի բարերար տիար Հրաչ Թուֆայեանի եւ դպրոցի պաշտօնէութեան ներկայացուցիչներու:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը բերելով «Յովնանեան» դպրոց-վարժարանի սաներուն ու պաշտօնէութեան, ընդգծեց, որ մեծ ուրախութեամբ հերթական անգամ Մայր Աթոռին մէջ հիւրընկալած է այս նուիրական կրթօճախի ուշիմ հայորդիները, որոնք, գալով Մայր Հայրենիք, վերստին հնարաւորութիւն կը ստանան մօտիկէն ծանօթանալու այն սպասելիքներուն, որ իրենցմէ կ’ակնկալէ Հայ Եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը:
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ այս տեւական այցելութիւնները պէտք է աշակերտներու գիտակցութեան մէջ նորանոր տեսիլքներ արթնցնեն, որոնցմով տոգորուած` աշակերտները պէտք է առաւել նախանձախնդրօրէն սերտեն հայ ժողովուրդի պատմութեան հին ու նոր էջերը, որպէսզի զօրաւորուին հայրենի հարուստ աւանդներով:
Անդրադառնալով օրեր առաջ Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման արարողութեան` Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց դպրոցի աշակերտներն ու պաշտօնէութիւնը, որպէսզի անոնք գիտակցին, թէ ինչու եւ ինչպէս նահատակուեցան մեր նախնիները եւ թէ ինչպիսի իղձեր ու սպասումներ ունէին այսօրուան մատաղ սերունդէն:
Ամենայն Հայոց Հայրապետի հետ ունեցած հանդիպումէն յետոյ «Յովնանեան» դպրոցի աշակերտները այցելեցին նաեւ Մայր Աթոռի թանգարաններ` ծանօթանալու այն բարձրարժէք սրբութիւններուն, որոնք կը պահուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ: