Ռուսաստանի փաստաբաններու միութեան անդամները Սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Ապրիլ 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Մոսկուայի փաստաբաններու «Արուտիունով եւ ընկ.» ընկերակցութեան նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր փրոֆէսոր Ալեքսանտր Արուտիունովը, ռուս-հայկական առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ գիտական կապերու, սփիւռքեան նախագիծերու իրաւական սպասարկման ոլորտին մէջ մասնագիտացուած իրաւաբաններու «Արմռոս» ընկերակցութեան նախագահ Ռուբէն Կիրակոսեանը եւ վարչութեան անդամ Իւան Գրիգորեանը:
Քննարկուեցան «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» հասարակական-քաղաքական միջազգային համաժողովի ծիրէն ներս իրականացուող «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնախնդիրները» գիտաժողովին մէջ հնչած ելոյթներն ու առաջարկները:
Որոշուեցան Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ յետագայ համագործակցութեան ծիրէն ներս, համատեղ ծրագիրներն ու ընելիլիքները: