Փոքրիկ Հայաստանէն Թրքական Հիւպատոսարան Ճանապարհը Ողողուեցաւ Արդարութիւն Պահանջող 130,000 Հայորդիներով
Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Լոս Անճելըսի հայութիւնը շարժման մէջ էր: Լոս Անճելըսի եւ մերձակայ քաղաքներու հայկական կեդրոններէն ու եկեղեցիներէն հանրակառքերով, իսկ հազարաւոր հայեր սեփական փոխադրական միջոցներով կը ժամանէին Փոքրիկ Հայաստան, ուրկէ պիտի սկսէր Արդարութեան Քայլարշաւը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպաէզ» օրաթերթը:
Ժողովուրդի հոսքը կարծես դադրելու միտում չունէր: Սանսեթ եւ Ուէսթըրն խաչմերուկ հասնող բոլոր փողոցներէն երիտասարդ ու տարեց, աշխարհի ամէնէն տարբեր շրջաններէ եկած ու այժմ Լոս Անճելըսահայ համայնքը կազմած, զարմանալի միասնականութեան ոգիով կողք կողքի քալող հայ մարդիկ կը խտացնէին լայն պողոտան գրաւած ազգակիցներու շարքերը:
Քալիֆորնիոյ Հայութեան հիմնական բոլոր կառոյցներու միացեալ մարմնի կողմէ հովանաւորուած ու կազմակերպուած քայլարշաւը մեկնարկելէ առաջ, Միացեալ Հայ Երիտասարդներու պատասխանատուներու ղեկավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիր մը, որու ընթացքին շրջանիս առաքելական, կաթողիկէ եւ բողոքական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները աղօթք մատուցեցին եւ քաղաքային ու նահանգային օրէնսդիր մարմիններու անդամներ ուղերձներով դիմեցին ժողովուրդին: Այստեղ խօսք առնող գլխաւոր քաղաքական դէմքերն էին Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակոյտի նախագահ Քեվըն Տը Լիոն, Փոքրիկ Հայաստան շրջանը ներկայացնող Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Միչ ՄըքՖարըլ, եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթին: Խօսք առին նաեւ Միացեալ Հայ երիտասարդներու ղեկավարները եւ Քայլաշաւը կազմակերպող միացեալ մարնի համանախագահ Կարօ Ղազարեանը: Երգով հանդէս եկաւ Արմէնչիքը:
Ապա ժողովուրդը շարժեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսարան: Շուրջ եօթ մղոն երկարութիւն ունեցող ամբողջ ճանապարհի ընթացքին, գրասենեակներու մէջ աշխատողներ, հանրային վարժարաններու աշակերտներ, կոչերով, պարզած պաստառներով ու հայկական դրօշներով զօրակցութիւն կը յայտնէին քայլարշաւի մասնակցողներուն:
Թրքական հիւպատոսարանին մօտ եւս գործադրուեացաւ յայտագիր մը, որ սկսաւ Յարութ Փամպուքեանի երգերով: Խօսք առին Քոնկրեսմեն Ատամ Շիֆ, հիւպատոսարանի շրջանի բնակչութիւնը ներկայացնող Փօլ Քորեթց, Միացեալ մարմնի համանախագահներ Թալին Եագուպեան եւ Կարօ Ղազարեան, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Կեվ Իսկաճեան, Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան :
Խօսք առնող քաղաքական բոլոր դէմքերը շեշտեցին Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի անժխտելիութիւնը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդին յանուն արդարութեան, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջի տարած պայքարին: Հռետորները նաեւ դատապարտեցին նախագահ Օպամայի թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը ջատագովելու վարքագիծը:
Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան դրուատեց Լոս Անճելըսի համայնքի ցուցաբերած աննախադէպ զօրաշարժը յանուն արդարութեան հաստատման, յանուն մեր ազգային ամբողջական իրաւունքներու տիրացման պայքարին, որ պիտի յաւելեալ թափով շարունակուի մինչեւ մեր երազի իրականացումը:
Յատկանշական էր, որ տեղական եւ համամաերիկեան հեռատեսիլի գրեթ բոլոր կայանները ժամերով իրենց ուշադրութեան կեդրոնը պահեցին այս քայլարշաւը, որ վիեթնամի ցոյցերէն ետք ամէնէն մեծ բազմութեամբ իրականացած ցուցական ձեռնարկներու շարքին էր: