Հայոց ցեղասպանութեան մասին Հիլարի Քլինթընի տեսակէտը փոխուած է

Հիլարի Քլինթըն 2008 թուականին նախագահի թեկնածու էր, անոր տեսակէտը Հայոց ցեղասպանութեան մասին շատ յստակ էր: Ան հանդէս եկած էր յայտարարութեամբ, ուր պարծանքով ըսած էր, որ ինք նախագահի միակ թեկնածուն է, ով վաղեմի ժամանակներէն կողմ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման:

Երբ ան օգտագործեց ցեղասպանութիւն եզրոյթը,  Նիւ Եորքի ծերակուտականն էր: Ան 2008 թուականին գրած է. «Ես կը հաւատամ, որ այն սարսափելի իրադարձութիւնները, որոնք Օսմանեան կայսրութիւնը կատարեց հայերու դէմ` Ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է»: Սակայն, երբ Քլինթըն զբաղեցուց Օպամայի վարչակազմի պետական քարտուղարի պաշտօնը, ան այլեւս չէր օգտագործեր Ցեղասպանութիւն բառը: 2010 թուականի Յուլիսին Հիլարի Քլինթըն հինգօրեայ պաշտօնական ուղեւորութեան ընթացքին այցելեց Ուքրանիա, Լեհաստան, Ատրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան: Հայաստանի մէջ ան այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: Հայերու համար ատիկա շատ խորհրդանշական պահ էր: Ի հարկէ, այդ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը չէր ԱՄՆ-ի կողմէ, սակայն ատոր մօտ բան մըն էր:

Մէկ ու կէս տարի անց` 2012 թուականի Յունուար 26-ին, Պետական բաժանմունքի քաղաքային խորհրդարանի հանդիպման ժամանակ Քլինթընին հարց  ուղղուած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Հարցի իմաստը այն էր, թէ ինչու այն վայրագութիւնները, որոնք կատարուած էին 20-րդ դարու սկիզբը, եւ որ կը համարուի Հայոց ցեղասպանութիւն, ԱՄՆ-ի կողմէ չի ճանչցուիր իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Ի պատասխան Քլինթըն ըսած է, որ համամիտ է նախագահ Օպամայի վարած այն քաղաքականութեան հետ, որուն  համաձայն այդ իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն չեն:

Ամերիկայի Հայ Ազգային Կոմիտէի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան պատմած է Newsweek-ին, որ Քլինթըն հասած էր նոյնիսկ Ցեղասպանութեան ժխտման եզրին: Որուն ի պատասխան, Քլինթըն անուանած է եղելութիւնը, իբրեւ «պատմական բանավէճ», եւ աւելցուցած, որ օգտագործելով «Ցեղասպանութիւն» բառը, ան պիտի բանայ  դուռ մը, որուն միջէն շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ անցնիլը:

Scroll Up