Ապրիլ 24-ը Սթրասպուրկի մէջ

Ապրիլ 24-ին Սթրասպուրկի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ: Նախ քաղաքի կեդրոնական մասէն սկսաւ քայլարշաւ, որ անցաւ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտով:

Ապա  Սթրասպուրկի մէջ ՀՀ ներկայացուցչութիւնը, հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ ԵԽԽՎ հայկական պատուիրակութիւնը յարգանքի տուրք մատուցեցին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին եւ ծաղկեպսակ տեղադրեցին Սթրասպուրկի` զոհերու յիշատակի յուշակոթողին:

Երեկոյեան Սթրասպուրկի եկեղեցւոյ մէջ հնչեց հոգեւոր երաժշտութիւն` ի յիշատակ սրբադասուած անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան:

Այս ամէնուն մասին ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Արփինէ Յովհաննիսեան:

ar1ar2

ar4ar3

Scroll Up