Պուլկարիոյ խորհրդարանը կրկին չեղեալ համարած է Ցեղասպանութեան հարցով քննարկումը
Պուլկարիոյ խորհրդարանը կրկին չեղեալ համարած է Ցեղասպանութեան հարցով քննարկումը: Այս մասին ըստ NEWS.am-ի` այսօր` Ապրիլ 23-ին, «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» երկօրեայ միջազգային համաժողովին ժամանակ յայտարարած է Պուլկարիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Վոլէն Սիտերով:
Անոր խօսքով` վաղը` Ապրիլ 24-ին, Պուլկարիոյ խորհրդարանին մէջ պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ քննարկում տեղի ունենար: «Զիս զանգահարեցին եւ ըսին, որ Պուլկարիոյ ղեկավարութիւնը կրկին չեղեալ համարած է հարցի քննարկումը: Ես չեմ հպարտանար իմ երկրի խորհրդարանով: Ինչու՞ այդպէս կը պատահի: Ես կը հասկնամ, որ հսկայական ճնշում կայ Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէն, որ կոպիտ միջամտութիւն է Պուլկարիոյ ներքին գործերուն: Բայց պուլկար ժողովուրդը համաձայն չէ այդ տեսակէտին: Պատմութիւնը չի կարելի վերախմբագրել»,-յայտարարած է Սիտերով: