Հայոց ցեղասպանութիւնը իրազեկող վահանակներ Հունգարիոյ մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս Ապրիլ 20-ին Հունգարիոյ մէջ տեղադրուած են 42 տեղեկատուական վահանակներ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Հունգարիոյ Հայ ինքնավարութեան փոխնախագահ Ալէքս Աւանէսեան:

Ցեղասպանութիւնը իրազեկող գրութիւններով վահանակները` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք, Կ’ոգեկոչենք մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակը»,  տեղադրուած են մեծամասամբ Պուտապեշտի մեծ պողոտաներու եւ բանուկ խաչմերուկներու վրայ:

Հունգարիա Հունգարիա2 Հունգարիա3 Հունգարիա4 Հունգարիա5

 

Scroll Up