Մենք գիտակցաբար ու դիտաւորեալ ցեղասպանութիւն չենք ըրած. թուրք փոխվարչապետ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլէնթ Առընչ հետաքրքիր յայտարարութիւն մը ըրած է Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած:
Թրքական Haberekspres կայքի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլէնթ Առընչ յայտարարած է, թէ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին Հայկական սփիւռքը կը մտածէ, որ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, բայց Թուրքիան
կը հաւատայ, որ իր պատմութեան մէջ նման սեւ էջ չէ եղած, կը գրէ NEWS.am-ը:
«Մենք գիտակցաբար ու միտումնաւոր ցեղասպանութիւն չենք ըրած: Աշխարհի մէջ յայտնի են ցեղասպանութիւն ընողները: Ըստ ՄԱԿ-ի` 1915-ը չի համարուիր ցեղասպանութիւն»,-յայտարարած է Առընչ: