Ապրիլ 23-ին կը լսուին նաեւ Երուսաղէմի զանգերու ղօղանջները

Ապրիլ 23-ին Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանէն ուղիղ առցանց միացում պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` հետեւելու համար անմեղ նահատակներու սրբադասման արարողութեան, որուն պիտի յաջորդէ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ եւ քոյր եկեղեցիներու զանգերու գուժկանի 100 զարկը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը :
Սրբադասման արարողութենէն, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ժառանգաւորաց վարժարանի սաներու կատարմամբ կը հնչեն «Սուրբ, Սուրբ» եւ «Հայր Մեր» շարականները: Ատոր կը յաջորդէ Ջահերով երթը Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մօտէն դէպի Նոր Երուսաղէմի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի:
Երեկոյեան տեղի կ’ունենայ «Շառլոթ» երգչախումբի համերգը` Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Համերգի ընթացքին կը հնչեն հոգեւոր եւ դասական ստեղծագործութիւններ: Կ’իրականացուի Ջահերով երթ եւ մոմովառութիւն` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն դէպի Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:
Ապրիլ 24-ի օրը կը սկսի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Սուրբ եւ անմահ պատարագով: Պատարագէն յետոյ հաւաքուածները ծաղկեպսակ կը զետեղեն Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ: Ապա տեղի կ’ունենայ յատուկ յուշահանդէս Ժառանագաւորաց վարժարանի բակին մէջ: Ներկաները բողոքի ցոյցով կը շարժին դէպի թրքական դեսպանատուն եւ կը հնչեցնեն իրենց պահանջատիրութեան կոչը:
Յատուկ միջեկեղեցական արարողութիւն կը կազմակերպուի Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ` հոգեւոր պետերու եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Վերջաւորութեան Ժառանգաւորաց վարժարանի արարողութիւններու սրահին մէջ կը կայանայ յատուկ յուշահանդէս: