Ե՞րբ Եգիպտոսը պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը

“Հայերն Այսօր”-ի տեղեկացմամբ, “Ալահրամ” եգիպտական կայքէջին վրայ Մուհամմէտ Էմին Ալմասրին կը գրէ, որ հայկական լոբբին ԱՄՆ-ի մէջ կրցաւ իր ջանքերը յաջողցնել երբ ստիպեց Ուաշինկթընին , որ կոչ ուղղէ Թուրքիոյ բացայայտօրէն ընդունելու Հայոց կոտորածները Անատոլիոյ մէջ առաջին Համաշխարհային տարիներուն, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր:
Անցեալ շաբաթ հայերը նաեւ կրցան յաջողութիւն արձանագրել երբ 100-րդ տարելիցի շեմին Հռոմի մէջ մատուցուած պատարագին Ֆրանսիս Պապը յայտարարեց , որ հայերու հանդէպ կատարուածը «ցեղասպանութիւն» էր, որուն հակադարձեց Էրտողանը խիստ քննադատութեամբ:Չանցաւ քանի մը ժամ, երբ Եւրոխորհրդարանը ընդունեց բանաձեւ մը, որ ընդունեց հայոց կոտորածները «ցեղապանութիւն» էր: Որուն նաեւ հակադարձեց Էրտողան ըսելով, որ այդ որոշումը իր մէկ ականջէն կը մտնէ միւսէն դուրս կու գայ:
Հաշուած օրեր ետք հայերը պիտի ոգեկոչեն ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, անոնք կը սպասեն թէ ե՞րբ Եգիպտոսը, Ամերիկան, Եւրոպայի եւ Ֆրանսիս Պապին նման ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: