Ապրիլ 22-23 տեղի ունենալիք “Ընդդէմ ցեղասպանութիւն յանցագործութեան” խորագիրով ֆորումին ներկայ պիտի ըլլան 600 մասնակիցներ

Ապրիլ 22-23 Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ “Ընդդէմ ցեղասպանութիւն յանցագործութեան” կլոպալ հասարակական-քաղաքական համաժողովը: Այս մասին այսօր Մ. Մաշտոցի Մատենադարանէն ներս հրաւիրուած մամուլի ասուլիսին տեղեկացուց ՀՀ արտաքին գործերու փոխնախարար Կարէն Նազարեանը` նշելով, որ միջազգային այս ֆորումին պիտի մասնակցին աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած մօտ 600 մասնակիցներ, տեղի պիտի ունենան հարցազրոյցներ եւ երկկողմ հանդիպումներ: “Միջկառավարական ու միջխորհրդարանական կառոյցներէն ներս Հայաստանը կը կարեւորէ կանխարգիլման հարցերու վերհանումը եւ կը շարունակէ հանդէս գալ նախաձեռնողական մօտեցումներով: Ֆորումի նպատակն է` լրացնել ու նպաստել այս ուղղութեամբ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու իրականացման` քննարկման առարկայ դարձնելով միջազգային ու տարածաշրջանային մակարդակներուն կանխարգիլման կառուցակարգերու զարգացումը` ի սպառ բացառելու 1915թ-ի ու անոր հետեւած` աշխարհի տարբեր ծայրերուն նմանօրինակ զազրելի յանցագործութիւններու կրկնութիւնը”,- ըսաւ ան: Այնուհետեւ Կարէն Նազարեանը ներկայացուց ֆորումի իրականացման ձեւաչափը: Ան տեղեկացուց, որ ֆորումը կը նախատեսուի բանալ Ապրիլ 22-ին, բացումը պիտի կատարէ ՀՀ Նախագահը: “Կ’ակնկալենք, որ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եւ ելոյթներով հանդէս կու գան ԱԺ նախագահը, ՀՀ վարչապետը, արտաքին գործերու նախարարը, Կառավարւթեան անդամներ, ԱԺ պատգմաւորներ: Կ’ակնկալենք, որ ֆորումին կը մասնակցին օտարերկրեայ բարձրաստիճան դիւանագէտներ, խորհրդարանականներ, միջխորհրդարանական վեհաժողովներու ներկայացուցիչներ, միջազգային իրաւունքի միջազգային մասնագէտներ, ցեղասպանագիտութեան միջազգային կեդրոններու պատուիրակներ”,-ըսաւ ան:

Փոխնախարարը նշեց, որ ֆորումը պիտի իրականացուի քննարկումների ու մէկ լիագումար նիստի միջոցով: «Ֆորումի առաջին օրուան թեման է` “Մարդկութեան հանդէպ ոճրագործութիւններու կանխարգիլման միջոցներու զարգացումը միջազգային իրաւունքէն ներս”. նպատակն է արծարծել մարդկութեան դէմ յանցագործութեան հայեցակարգի ձեւաւորման պատմական զարգացումը եւ անոր յետագայ ընդլայնման հնարաւոր հեռանկարները: Յատուկ ուշադրութիւն է պիտի դարձուի տարբեր վայրերու մէջ տարբեր ժամանակաշրջաններուն իրականացուած զանգուածային բռնարարքներու համեմատական ուսումնասիրութեան եւ թէ ինչպիսի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը միջազգային անվտանգութեան ու մարդկային համակարգի վրայ եւ շարք մը այլ հարցեր:

Կարէն Նազարեանը նշեց, որ երկրորդ նիստը կ’անդրադառնայ ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ պատասխանատւութեան խնդիրներուն` կեդրոնանալով ցեղասպանութեան յանցագործութեան համար պատասխանատւութեան իրաւունքներու վերականգման եւ նման յանցագործութիւններու չկրկնման երաշխիքներուն: Ապրիլ 23-ին տեղի պիտի ունենայ ֆորումի լիագումար նիստը` “Խորհրդարանականները ընդդէմ ցեղասպանութեան” թեմայով, որուն ժամանակ ելոյթներով հանդէս կու գան տարբեր խորհրդարաններու պատուիրակութիւններ, որոնք համապատասխան յայտարարութիւններով, բանաձեւերով ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

“Լիագումար նիստի նպատակն է` իրազեկել այն էական ներդրման մասին, որ խորհրդարանականները կրնան ունենալ ցեղասպանութեան կանխարգիլման գործին մէջ”,-ըսաւ ան:

Scroll Up