Ֆլեշմոպ` յանուն Անի քաղաքի փրկութեան

Այսօր Հանրապետութեան հրապարակին վրայ 1500 պատանիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ֆլեշմոպ` «Հայոց Անին վտանգուած է» խորագիրով: Այս մասին կը տեղեկացնէ armradio.am-ը: Նախագիծի հեղինակն է շուրջ եօթ տարի հեռուստաեթերով ցուցադրուող «Հայ ասպետ» հաղորդման կազմը: Ֆլեշմոպին մասնակցեցան պարային խումբեր ՀՀ բոլոր մարզերէն, Արցախէն, սփիւռքի հայ համայնքներէն:
Ծրագիրը մեկնարկեց եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջներու տակ հրապարակին վրայ իրենց տեղերը զբաղեցուցին 1500 պատանիներ եւ սկսաւ 5 վայրկեաննոց նստացոյցը: Այդ ընթացքին հրապարակին վրայ տեղակայուած պաստարին ցուցադրուեցաւ միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք Անիի ներկայիս վիճակի մասին պատմող տեսանիւթ եւ 5 լեզուով ուղերձ հնչեց. այն է` պայքար Անի քաղաքի եկեղեցիներու վերանորոգման թրքական տարբերակներուն դէմ եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Այնուհետ հնչեց «Դարձիր, իմ Անի» երգը եւ սկսաւ պարացոյց, որուն աւարտին սպիտակ եւ մանուշակագոյն թաշկինակներու թափահարումով ամբողջ հրապարակին վրայ նկարուեցաւ հսկայ սպիտակ խաչ` մանուշակագոյն յատակի վրայ: Պարացոյցի աւարտէն յետոյ «Տեսնեմ Անին» երգի տակ սպիտակ շորեր հագած հրեշտակ-փոքրիկները բոլոր մասնակիցներուն բաժնեցին մոմակալով վառող մոմեր: Այնուհետեւ «Սուրբերու աչեր» երգի տակ բոլոր մասնակիցները դանդաղ հեռացան հրապարակէն` իրենց փոխարէն ձգելով վառող մոմերը: Անկէ յետոյ վառող մոմերու շարքերով անցան հրեշտակները եւ կարմիր կակաչներ շաղ տուին ամբողջ
հրապարակին վրայ, իբրեւ թափուած անմեղ արեան խորհրդանիշ: