Հայ Երիտասարդները Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Ըրած Են Գերմանիոյ

ՀՅԴ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց իրականացուցած են Լոս Անճելըսի Գերմանիոյ հիւպատոսարանին առաջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով հայկական «Ասպարէզ» պարբերականը, հայ երիտասարդները կոչ ըրած են Գերմանիոյ հետեւելու Եւրոպայի խորհրդարանի օրինակին եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Իր պատմութեան ընթացքին ունեցած մութ էջերուն համար սեփական մեղքը հատուցելէ ետք՝ Գերմանիան Երկրորդ Համաշխարհային տարիներուն իրականացուած Հոլոքոսթէն ետք գլխաւորած է ցեղասպանութիւնները դատապարտելու ջանքերը: Իրենց ջանքերու լոյսի տակ՝ անոնց համար բարոյական պարտք է Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը: Սակայն ատոր փոխարէն գերմանական կառավարութիւնը հակառակ քայլեր կը ձեռնարկէ` խուսափելով 1915 թուականի դէպքերուն նկարագրման համար «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի կիրառումէն»,- ըսած է Հայ երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Ժոզէֆ Քասքանեանը:
Հայկական երիտասարդական միութիւնը վերջին օրերուն եւ շաբաթներու ընթացքին տարբեր ցոյցեր եւ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած է գերմանական դեսպանատուներու և հիւպատոսարաններու առջեւ: