Ջանֆիտայի մէջ Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած խաչքարեր կ’օծուին
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս Ապրիլ 18-ին, ժամը 12.00-ին Արմավիր մարզի Ջանֆիտա համայնքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ տեղադրուած երկու խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւն, զոր կ’իրականացնի Տէր Սիոն Եպիսկոպոս Ադամեան:
Նախաձեռնութեան ներկայ պիտի ըլլան եւ ելոյթով հանդէս պիտի գան Արմավիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեանը, ՀՀ Արդարադատութեան նախարար Յովհաննէս Մանուկեանը, Արմավիր քաղաքի քաղաքապետ Ռուբէն Խլղաթեանն ու բազմաթիւ պաշտօնեաներ ՌԴ-էն, ովքեր պիտի մասնակցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով տեղի ունենալիք շարք մը այլ նախաձեռնութիւններ: Ջանֆիտա համայնքի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին առաջին ու միակ աղօթատեղին է, որը թոյլ կու տայ արմաւիրցիներուն մօտ ըլլալ սեփական հաւատքին: