Հայոց ցեղասպանութիւնը Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական խայտառակութեան պատճառ

Հայոց ցեղասպանութեան մասին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի խօսքերը Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական խայտառակութեան պատճառ  դարձած են:

IlFattoQuotidiano.it պարբերականի փոխանցմամբ` «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան» մասին խօսքերէն դժգոհած են Անգարայի մէջ, կը գրէ Արցախփրէսը: Առաջին հերթին Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը կանչած է Անգարայի մէջ Վատիկանի դեսպանին` Անթոնիօ Լուչիպելոն, որուն յայտնած են Հռոմի պապի խօսքերու վերաբերեալ Անգարայի «Հիասթափութեան» մասին»,- կը գրէ պարբերականը:

Քանի մը ժամ անց Թուրքիան ետ  կանչած է Սուրբ Աթոռին մէջ իր դեսպանը: ԱԳ նախարարութիւնը յայտարարութեան մէջ ըսած է, որ թուրք ժողովուրդը չընդունիր Հռոմի պապի յայտարարութիւնը, «Որ վիճելի է բոլոր տեսանկիւններէն, որ հիմնուած է կանխակալ կարծիքի վրայ, որ կ’աղաւաղէ պատմութիւնը»: Դեռ Սուրբ Աթոռէն որեւէ արձագանք չէ եղած, կը գրէ աղբիւրը:

Այնուամենայնիւ, Վատիկանի մէջ IlFattoQuotidiano.it-ի աղբիւրները յայտնած են Պետութեան քարտուղարութեան մէջ (Վատիկանի «կառավարութեան մէջ») թրքական իշխանութիւններու արձագանքի հետ կապուած «զարմանքի» մասին:  Անոնք ընդգծած են, որ Վատիկանի դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան
վերաբերեալ չէ փոխուած եւ նոյնն է, որ 14 տարի առաջ Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս II պապի օրօք: Բացի այդ, նոյն աղբիւրները նշած են նաեւ, որ երբ Պապը Նոյեմբերին գացած է Թուրքիա, ան յարգած ու պատուած է թէ՛ Աթաթուրքի յիշատակը` այցելելով դամբարան, թէ՛ նախագահ Էրտողանին` մտնելով անոր շքեղ սպիտակ պալատը` ըլլալով ատիկա ընող առաջին միջազգային անձնաւորութիւնը:

«Ես գրեթէ համոզուած եմ, որ Հռոմի պապի խօսքերը սրով կ’ընդունուին թուրքական կառավարութեան եւ Թուրքիայի առաջնորդի կողմից»,- իտալական Ansa գործակալութեան յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Ես տարբերակում եմ թուրքական իշխանութիւններին թուրք
ժողովրդից: Համոզուած եմ, որ Հռոմի պապի խօսքերը կը դիպչեն շատ թուրքերի մտքերին եւ սրտերին, ովքեր հնարաւորութիւն կ’ունենան վերանայելու Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ իրենց դիրքորոշումը եւ ազատուելու պատմութեան ծանրութիւնից»:

Պարբերականը նաեւ մէջբերած է ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի խօսքերը. «Մենք մի իրավիճակում ենք, երբ Թուրքիան խօսում է միջազգային հանրութեան լեզուից տարբեր մի լեզուով եւ թւում է, որ չի կարողանում խօսել այլ լեզուով: Այս վերջին օրերին բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ ընդունում են բանաձեւեր կամ յայտարարութիւններ, որոնցով ճանաչում են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ են անում Թուրքիային անել նոյնը: Եւ Հռոմի պապի յայտարարութիւնը համամարդկային արժէքների կոնտեքստում է: Երբ Թուրքիան հասկանայ սա, կը հասկանայ, թէ ինչ են ասում միջազգային հանրութիւնը եւ Հռոմի Ֆրանցիսկոս պապի նման մեծ անձնաւորութիւնները»:

Պարբերականը կը գրէ, որ Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել, որ 1915-16 թուականներու դէպքերը ցեղասպանութիւն են, եւ մշտական դիւանագիտական պատերազմ կը տանի, որպէսզի թոյլ չտայ ցեղասպանութեան ճանաչում` նշելով, որ Անգարան միշտ մերժած է «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը: Թերթը որոշ
տուեալներ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ կը նշէ այն երկիրները, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը. IlFattoQuotidiano.it-ը կը յիշեցնէ նաեւ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը կը պատժուի ազատազրկմամբ Քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածով. այս պատճառով  հետապնդուած են գրականութեան նոպելեան մրցանակակիր Օրհան Փամուկը եւ լրագրող Հրանդ Տինքը, որ սպաննուած է 2007 թուականի Յունուարին` ծայրայեղ ազգայնականի կողմէ, կը գրէ լրատուամիջոցը:

Scroll Up