ԱԵԿ-ի Սաները Կը Մասնակցին «Արի Տուն» Ծրագիրին
Յունիս 24-ին տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրի 2013թ. երկրորդփուլի բացումը:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վրաստանի հայ համայնքէն, ծրագիրի այս փուլին մասնակցած են տասնչորսպատանիներ Ախալքալաքի Երիտասարդական Կեդրոնէն: Ելոյթ ունենանլով 2-րդ փուլի բացման հանդիսաւորարարողութեան` Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի սան Մելինէ Յովակեան ըսաւ. «Բարե´բ, Հայաստա´ն…Բարե´բ, իմ երկի´ր: Ամբողջ Ջաւախքի անունով կ’ողջունեմ ձեզ եւ վստահ եմ, որ այս համատեղ օրերուն ընթացքինհնարաւորութիւն կ’ունենանք ճանչնալու եւ՛ իրարու, եւ՛ այն երկիրներն ու շրջանները, որոնք ներկայացուած են :Համոզուածենք, որ Մայր հայրենիքի մէջ կազմակերպուած այս կարեւոր ձեռնարկը հնարաւորութիւն կու տայ ոչ միայն նոր ընկերներ եւգաղափարներ ձեռք բերելու,այլեւ աւելի լաւ ճանչնալու այսօրուան Հայաստանը: Շնորհակալ ենք Սփիւռքինախարարութեան,որ կը ծաւալէ հայասիրական եւ հայապահպան գործունէութիւն եւ հիմա ալ հնարաւորութիւն տուած էմեզ`Ջաւախահայերուս, «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելու»:
Ծրագիրի իւրաքանչիւր փուլ կը տեւէ երկու շաբաթ: Այդ ընթացքին մասնակիցները կը շրջին Հայաստանի տեսարժանվայրերով, կը մասնակցին հայոց լեզուի եւ հայրենագիտութեան դասընթացներու, կը հանդիպին պետական այրերու,մշակոյթի գործիչներու: Անոնց համար կը կազմակերպուին ազգային երգ ու պարի դասեր, մարզական ձեռնարկներ: