Նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ֆրանս-24»-ի Եթերով Քննադատած Է Էրտողանը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Կալիփոլիի ճակատամարտի յիշատակումը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան յարմարեցնելու` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընդունած որոշումը անուանած է «ժխտողականութեան շնական դրսեւորում»:
«Արմէնփրես» վկայակոչելով «Ֆրանս 24»-ի կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը մասնաւորապէս ըսած է. «Ցաւօք, մենք կրկին ականատեսը կ՛ըլլանք ժխտողականութեան, ներողութիւն բառիս համար, շնական դրսեւորման: Կալիփոլիի ճակատամարտը 24 ապրիլին սկսած չէ, ոչ ալ աւարտած է 24 ապրիլին, այդ մէկը ակնյայտ է: Սա մէկ կողմէ իր մէջ վիրաւորանք կը պարունակէ, միւս կողմէ փորձ է` ապրիլի 24-ի ձեռնարկները խանգարելու»:
«Մեր նպատակն էր ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը թուրք ժողովուրդին հետ միասին», ըսած է նախագահ Սարգսեան` նշելով, որ այդ եղած է Թուրքիոյ նախագահին Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութեան հրաւիրելու պատճառը:
Ֆրանսական պատկերասփիւռի կայանը յիշեցուցած է, որ ապրիլ 24-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք արարողութիւններուն ներկայ պիտի գտնուին շարք մը համաշխարհային ղեկավարներ, որոնց կարգին` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Ազդակ