Համաժողով Ֆրանսայի մէջ. «Հայոց ցեղասպանութիւն. տեղահանութեան երթուղիները»

Ֆրանսայի հայկական «Արմէնիա» միութեան Մարտ 20-ի երեկոյեան Տրոմ բաժանմունքի Պուր լը Վալանս քաղաքին մէջ «Հայոց ցեղասպանութիւն. տեղահանութեան երթուղիները» թեմայով քննարկում կ’իրականացուի: «Nouvelles d’Armռnie» պարբերականի փոխանցմամբ` ելոյթ կ’ունենայ պատմաբան, հայերու գաղթականներու հարցերու մասնագէտ, Վալանսի հայ համայնքի մասին գիրքի հեղինակ ժան-Լիւգ Իւար:

Ըստ NEWS.am-ի` ձեռնարկին կը ներկայացուին երթուղիները, որոնցմով փախած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածները: Երբեմն ատոնք անհաւանական ճանապարհներ  եղած են, որոնցմով անոնք հասած են մինչեւ Եւրոպա:

Քննարկման մասնակիցները կ’անդրադառնան նաեւ հայ ժողովուրդի տառապանքներուն եւ ապրելու կամքին: Տեղահանութեան երթուղիներն աւելի ցայտուն ներկայացնելու համար կը ցուցադրուին նաեւ լուսանկարներ, քարտէզներ եւ փաստաթուղթեր:

 

Scroll Up