Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Պայքարիլ 1915-ի Իրադարձութիւններու Քարոզչութեան Դէմ. Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն Փորթուկալիոյ մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ երէկ այցելած է ԱՍԱԼԱ-ի կողմէ սպաննուած թուրք դիւանագէտներու յուշարձանը:
Հապերլերի փոխանցմամբ` նշելով, որ իրենք երբեք պիտի չմոռնան դիւանագէտներու «ազիզ յիշողութիւնները», Տաւութօղլուն խոստացած է շարունակել պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան քարոզչութեան դէմ` այս տարի աւելի հետեւողական ըլլալով: «Թուրքիան պիտի պայքարի 1915-ի իրադարձութիւններու քարոզչութեան դէմ, որոնք հայերը կը ներկայացնեն իբրեւ ցեղասպանութիւն»,- Արցախփրեսի փոխանցմամբ ըսած է ան: