Նոր Ջուղայի Պասքեթպոլիստուհիներէն Հինգը` Սպահան Նահանգի Պասքեթպոլի Հաւաքականի Անդամ

Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային «Քանանեան» դպրոցի պասքէթպոլի խումբը,  մասնակցելով Սպահան քաղաքի Կրթադաստիարակչութեան հիմնարկի 3-րդ շրջանի միջդպրոցական  մրցութիւններուն, գրաւեց առաջին տեղը, այս մասին Իրանէն «Հայերն այսօրին» կը  յայտնէ Երանուշ Թահմազեան:

Ուրախալի է, որ նշեալ խումբէն  Անիա Թորոսեան, Անիշա Խաչեան,Արեգ Յարութիւնեան, Մանէ Յովսէփեան եւ Մինելի Ղազարեան ընդգրկուած են նահանգի պասքեթպոլի հաւաքականի կազմին:

Խումբի մարզիչը Թալին Խաչատրեանն է: Խումբի միւս անդամներն են` Նինէ Պարղին, Լուսիա Գալստեան, Ալմարա Թահմազեան, Ռենիա Ծատուրեան, Գայեանէ Մինասեան, Ռենիա Մինասեան  եւ Լուսին Յովսէփեան:

Scroll Up