Ստեղծագործ, Մանկութիւն Չունեցող, Սակայն Յուսալի Երեխաներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/02/h3.jpg)
Փետրուար 18-ին, Երեւանի Գեղագիտութեան ազգային կենդրոնի մանկական ստեղծագործութեան թանգարանէն ներս, ցուցադրուեցան Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Մ.Սարեանի անուան ակադեմիայի սաներու աշխատանքները՝ «Հալէպ. տագնապալի օրեր» խորագիրով…
12-14 տարեկան Հալէպահայ երեխաներու վրձինին յանձնուած ապրումները, նախ միայն յուզում ցաւ պատճառեցին բոլորին… պայթում, արիւն, վիրաւորներ, զոհեր, շտապօգնութեան մեքենայ, զէնքեր, քանդուած՝ տուն, եկեցեցի եւ մզկիթ, հերթեր՝ հացի, ջուրի վառելանիւթի եւ սնունդի օգնութեան համար… Այլ խօսքով մանկութիւն չունեցող երեխաներ, սակայն ստեղծագործ, կամքի տէր եւ յուսալի… ցաւալի նկարներու մէջ յուսադրողը պայծառ գոյներն էին՝ յոյսը լուսաւոր ապագայ ունենալու եւ պատերազմը աւարտին հասնելու հանդէպ…
Եռօրեայ ցուցահանդէսը կազմակերպած են՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ն՝ նուիրուած Հալէպի Սարեան ակադեմիայի հիմնադրման 60-ամեակին: