Նունէ Եսայեան Սփիւռքի Մէջ Հանդէս Պիտի Գայ «Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դե՛ռ շատանանք” Համերգաշարով

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, երգչուհի Նունէ Եսայեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս համերգներով պիտի ներկայանայ Սփիւռքի շարք մը համայնքներու մէջ (Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա, Եւրոպա եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւն):

Այս պահուն յայտնի է միայն Կիպրոսի եւ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող համերգներու ժամանակացոյցը. Կիպրոսի մէջ համերգը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 12-ին, կազմակերպութեամբ Ցեասպանութեան 100-րդ տարելիցի յանձնախումբին, Նիկոսիայի համալսարանի բացօդեայ դահլիճէն ներս, իսկ Յունաստանի մէջ համերգը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 14-ին, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ:

Միւս երկրներում կայանալիք համերգների մասին տեղեկութիւնները «Հայերն այսօրը» կը ներկայացնի յաջորդիւ:

Համերգը կը կրէ “Կա՛նք, պիտի՛ լինենք ու դե՛ռ շատանանք” խորագիրը, որ ինչպէս երգչուհին կը նշէ, կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի անցած վերջին 100 տարուան ճանապարհը: Համերգային ծրագրի երգապնակը բազմագոյն պիտի ըլլայ. պիտի հնչեն նոր ստեղծագործութիւններ, Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք գրուած երգեր, ինչպէս նաեւ` այլ ազգային, հայրենասիրական կատարումներ:

Յիշեցնենք, որ Նունէ Եսայեան 2013 թուականի Սեպտեմբեր 21-ին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի մէջ ներկայացուցած է այս համերգը:

Scroll Up