Առաջարկ Սփիւռքահայութեան. Վճ­ռա­կան Պա­տաս­խա­նը Պի­տի Ըլ­լայ ՀՀ Քա­ղա­քա­ցի Դառ­նա­լը

Ուզեցին մէկ հայ թողնել,

Եւ այն էլ… թանգարանում…

Ան­մահ Սե­ւակ մէկ նա­խա­դա­սու­թեան մէջ ամ­փո­փած է ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րի էու­թիւնը: Թա­լ­է­աթն այդ նա­խա­դա­սու­թիւնն ըսա՞ծ է թէ ոչ. եր­բե՛ք կա­րե­ւոր չէ: Ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նալն ու հե­տե­ւանք­նե­րու կշ­ռա­դա­տու­մը բա­ւա­րար է հասկ­նա­լու հա­մար, որ Թա­լ­էա­թին եւ իր գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րուն հա­մար այդ մէկ հայն ալվտանգ էր:

Կը ջա­նամ հե­տե­ւիլ 100-րդ տա­րե­լի­ցի բազ­մա­զան ծրա­գիր­նե­րուն. յի­շա­տա­կի եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան հան­դէս­ներ, դա­տա­կան պա­հանջ­ներ, յու­շար­ձան­ներ, ցու­ցա­հան­դէս­ներ, քայ­լար­շաւ­ներ, ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­ներ, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, սե­մի­նար­ներ, գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ, թարգ­մա­նու­թիւն­ներ, ֆիլ­մեր եւայլն…

Այս բո­լո­րէն ան­կախ, հա­մոզ­ուած եմ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին, արեւմ­տա­հա­յուն ամէ­նէն դի­պուկ եւ վճ­ռա­կան պա­տաս­խա­նը պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի դառ­նա­լը:

Մեր մեծ հայ­րերն ու մայ­րե­րը հայ­րե­նի­քէն զրկ­ուե­ցան եւ օտար եր­կիր­նե­րու մէջ մե­զի կեանքտուին: Վե­րա­դար­ձի յոյ­սը եւ կամ­քը առ­կայծ պա­հե­լով, իրենց ըմբռ­նած եղա­նակ­նե­րով պայ­քա­րե­ցան: Այ­սօր ու­նինք ան­կախ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն, որ լոկ կո­րիզն է խլ­ուած եւ 100տա­րի առաջ դա­տարկ­ուած Հա­յաս­տա­նին: Այդ հայ­րե­նի­քը, իր ան­կախ եւ խլ­ուած բա­ժին­նե­րովհոն է. «կո­րուս­եալ» չէ, ինչ­պէս ոմանք կը սի­րեն ըսել: Մե­զի կը մնայ անոր ՏԷՐ ըլ­լալ:

Եւ ԽՆԴ­ՐԵՄ (քե­րա­կա­նա­կան կո­պիտ խախ­տու­մին հա­մար նե­րո­ղա­միտ եղէք). «Պե­տա­կա­նու­թիւն» եւ «Իշ­խա­նու­թիւն» ըմբռ­նում­նե­րը իրա­րու հետ մի՛ շփո­թէք, գո­նէ այս ան­գամ: Այս բո­լո­րէն ան­դին, եւ ասոնց­մէ առաջ, շա՜տ աւե­լի հիմ­նա­կան եւ ար­մա­տա­կան քայլ մը պէտք է առ­նել.ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՑԻՈՒ­ԹԻՒՆ ստա­նալ: Մենք մե­զի եւ թըշ­նամի­ին պէտք է ապա­ցու­ցենք, որմենք ՏԷՐն ենք ՄԵՐ ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ­Քին: Խօս­քով եւ եր­գով չէ, յանձ­նա­ռու­թ­եա՛մբ ՏԷՐն ենք:

Պատ­մա­կան այս քայ­լը պար­տա­կան ենք մեր հայ­րե­րուն եւ մեր զա­ւակ­նե­րուն: Հայ­րե­նի­քէնան­ջատ ապ­րող մեր զա­ւակ­նե­րուն պէտք է փո­խան­ցել հայ­րե­նի­քի պատ­կա­նե­լու­թեան հպար­տու­թիւնը: Անոնց մտ­քին մէջ ստեղծ­ուած հայ­րե­նի­քի աղօտ գա­ղա­փա­րը առար­կա­յա­կան իրա­կա­նու­թեան պէտք է վե­րա­ծել: Իրո­ղու­թե­նէն, պայ­ման­նե­րէն եւ ղե­կա­վար­նե­րէն դժ­գո­հան­քըսե­փա­կան պե­տու­թիւնը նսե­մաց­նե­լու իրա­ւունք չի տար:

100-րդ տա­րե­լի­ցին մեր կո­րուս­տը իւ­րո­վի վե­րա­կանգ­նենք:1,5 միլի­ոն նա­հա­տա­կի հա­մարայս­պի­սի պարզ ծրա­գիր մը Սփիւռ­քի բո­լո՛ր գա­ղութ­նե­րուն մէջ պէտք է կեան­քի կո­չել եւ հե­տապն­դել: Ի՞նչը ցե­ղաս­պա­նին երեսն ի վեր նետ­ուած աւե­լի հա­տու պա­տաս­խան կր­նայ ըլ­լալ,քան տար­ուէ տա­րի հզօ­րա­ցող հայ­կա­կան պե­տու­թիւնը, օժտը­ւած` պե­տա­կա­նու­թեան բո­լորերաշ­խիք­նե­րով:

1,5 միլի­ոն ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՑԻ աւելց­նենք մեր հայ­րե­նի­քի բնակ­չու­թեան թիւին վրայ:Լաւ. գործ­նա­կան ըլ­լա­լու հա­մար, պէտք է առա­ջար­կեմ, որ իւ­րա­քան­չիւր 100 նա­հա­տա­կի յի­շա­տա­կին հա­մար ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ 1 (ՄԷԿ) ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՑԻ աւելց­նենք: Չյա­պա­ղինք:

Մարի Մերտխանեան-Եարալեան

kantsasar.com

Scroll Up