Հրանոյշ Յակոբեան. 100-րդ Տարելիցը Ոչ Թէ Նպատակ, Այլ Միջոց Է` Յաջորդ Հանգրուանին Պայքարը Ահագնացնելու Համար
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկները Համակարգող Պետական Յանձնաժողովի 5-րդ Նիստին ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ներկայացուց Տարածաշրջանային Յանձնախումբերու Կատարած Եւ Անոնց Հետ Տարուող Աշխատանքները
Յունուար 29-ին Կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ մեկնարկած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստին ընթացքին զեկուցումով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` ներկայացնելով տարածաշրջանային յանձնախումբերու կատարած եւ անոնց հետ տարուող աշխատանքները:
Նախարարը նշեց, որ սփիւռքեան հիմնական կառոյցներու ջանքերով, ՀՀ սփիւռքի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու աջակցութեամբ 50 տարբեր երկիրներու մէջ կը գործեն տարածաշրջանային 61 յանձնախումբեր, որոնք կը ղեկավարեն ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հոգեւոր առաջնորդներ, ազգային կուսակցութիւններու, համահայկական եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ: Ճափոնի մէջ գործող յանձնախումբի ղեկավարը ճափոնացի է: Շատ քաղաքներու եւ համայնքներու մէջ ստեղծուած են տեղական մարմիններ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ բոլոր համայնքներէն ներս կ’օգտագործուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանշանը` Անմոռուկը, իսկ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսը տեղ գտած է բոլոր համաժողովներուն, քննարկումներուն, կրթական, մշակութային եւ հոգեւոր կառոյցներու ծրագիրներուն:
Գերատեսչութեան ղեկավարն ընդգծեց, որ քաղաքական մեծ նշանակութիւն ունի այն հանգամանքը, որ Ֆրանսայի եւ Ուրուկուէյի նախագահները մեր յանձնախումբերուն ընդգրկուած են իբրեւ Պատուոյ նախագահներ, իսկ Ապրիլ 24-ը շարք մը երկիրներու կամ առանձին նահանգներու մէջ հռչակուած է իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր (Կիպրոս, Ֆրանսա, Լիբանան, ԱՄՆ, կը քննարկուի Գանատայի մէջ):
«Ապրիլի 24-ին նախատեսւում է երթերի կազմակերպում դէպի թուրքական դեսպանատներ եւ միջազգային կառոյցների ներկայացուցչութիւններ: Երթերի մասնակիցները Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջների թղթածրարներ կը յանձնեն կառոյցներին, կը կազմակերպեն տարաբնոյթ աշխատանքներ, քայլարշաւներ, միթինկներ, նստացոյցեր, որպէսզի տուեալ երկրի նախագահը դիմում յղի հայ ժողովրդին»,- աւելցուց նախարարը:
Նշուեցաւ, որ ԶԼՄ-ներով անցած 95 տարիներուն ընթացքին այնքան չէ գրուած եւ ցուցադրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որքան վերջին 3 տարիներուն ընթացքին: «Չկայ որեւէ քիչ թէ շատ յայտնի լրատուամիջոց, որ չլուսաբանի թեման: Հայաստան են գործուղուել օտարերկրեայ լրագրողներ` ֆիլմեր եւ հաղորդումներ նկարահանելու համար, Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով դրոշմանիշներ են թողարկուել Ֆրանսիայում, Կիպրոսում, Լիբանանում, Պրազիլիայում, Ռումինիայում եւ այլուր», -ընդգծեց ան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը քարոզչական մեծ ազդեցութիւն ունենալու առումով կարեւոր համարեց օտարազգի գիտնականներու, գրողներու Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձները:
«Մեծ տարածում են գտնում նաեւ տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնցից ուշագաւ են նախարարութեան, Ֆրանսահայերի եւ ֆրանսիացիների նախաձեռնութեամբ «Թուրքիա՛, ճանաչի՛ր Հայոց ցեղասպանութիւնը», «Միլիոնաւոր երեխաներ չծնուեցին» խորագրերը կրող շարժումները: Կազմակերպուել եւ կազմակերպուելու են խոշոր միջազգային գիտաժողովներ, կլոր սեղան-քննարկումներ, գիտաժողովներ, բանախօսութիւններ, դասախօսութիւններ, յուշ-երեկոներ, հաւաքներ` յատկապէս Ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդների ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:
Ատոնցմէ գերատեսչութեան ղեկավարն առանձնացուց իրաւաբաններու, լրագրողներու, գրողներու, քաղաքագէտներու եւ միջազգայնագէտներու, լոպիստներու եւ իրազեկման կառոյցներու գիտաժողովները, համաժողովներն ու հաւաքները:
2015թ. նախատեսուածներէն նախարարը անդրադարձաւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ ատոր համար պատասխանատուութեան միջազգային իրաւական հիմնահարցերը», «Ժամանակակից Թուրքիա. առերեսում պատմութեան հետ», «Իսլամացած հայերու հիմնախնդիրները» եւ «Նոր օսմանականութիւնը` իբրեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական գաղափարախօսութիւն» համաժողովներուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գիտահետազօտական, հրատարակչական աշխատանքներու կարեւորութիւնը` նշելով, որ գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ տարբեր լեզուներով կը թարգմանուին, հրատարակուին եւ կը տարածուին գիրքեր, գրքոյկներ, տեղեկատուական թերթօններ, ուսումնասիրութիւններ:
«2015թ. նոյնպէս կը շարունակուեն հաւաքագրուել, թուայնացուել եւ հրատարակուել արխիւներ, Հայոց ցեղասպանութեանը առնչուող նիւթեր, փաստաթղթեր, 1894-1923թթ. մամուլի հրապարակումներ, կը կազմակերպուեն հայ գրողների ստեղծագործութիւնների համաշխարհային ընթերցումներ: 78 հայագիտական կենտրոնների վերջին տարիների հետազօտութիւնների հիմնական մասը նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեանը, – նշեց նախարարը` աւելցնելով, – ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով նոյնպէս իրականացուել են Հայոց ցեղասպանութեան թեմային նուիրուած հետազօտութիւններ, որոնցից են «Իսլամացած հայերի խնդիրների շուրջ», «Սթամպուլի հայ համայնքի արդի իրավիճակը», «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ», «Arminians at the twilight of the Ottoman era». News Reports From The International Press, Volume I, The New York Times 1890-1914 Compiled and edited by Mekhitarian V., V., rev. Vahan Ohanian, «Հայերի ունեզրկման գործընթացն Օսմանեան կայսրութիւնում եւ Քեմալական Թուրքիայում», «Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը եւ 2-րդ հանրապետութիւնը» եւ այլ աշխատութիւններ»:
Նախարարն ընդգծեց, որ սփիւռքեան համայնքներէն ներս կը շարունակուին տեղադրուիլ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններ, կը կառուցուին յուշապատեր, յուշահամալիրներ: Կազմակերպուած եւ կը կազմակերպուին աշակերտական շարադրութիւններ, ուսանողական, գիտական, թեմատիկ մրցոյթներ, ցուցահանդէսներ, ծառատունկ, պուրակներու հիմնում: «Իսրայէլում տնկուել է 300 ձիթենի, Գերմանիայում` 150 սօսի, Քուէյթում` 100 տարբեր տեսակի ծառեր: Այս տարի` Սեպտեմբերին, կը կազմակերպենք «Երգում ենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնը, որտեղ կոմիտասեան կատարումներով հանդէս կը գան Հայրենիք ժամանած մի քանի հարիւր սփիւռքահայ պատանիներ ու երիտասարդներ», – նշեց նախարարը: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանձնացուց Սուրիոյ հայ համայնքէն ներս նախատեսուած ձեռնարկները` ընդգծելով, որ Սուրիոյ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առաջարկով դիմած են ՍԱՀ նախագահ Պաշար Ալ-Ասատին եւ մինչեւ Ապրիլ 24 ՍԱՀ խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկուի Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: «Հալէպի բանուկ հրապարակներից մէկում կանգնեցուելու է հայ-արաբական բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշակոթող, իսկ Հալէպի մէկ կամ երկու փողոց կ’անուանակոչուեն յայտնի հայ մտաւորականների, հոգեւոր գործիչների անուններով», -նշեց ան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարն անդրադարձաւ նաեւ Թրանսիլվանիոյ, Լեհաստանի, Թուրքիոյ մէջ սկսած «հայադարձութեան» անուանումով շարժման: «Փորձեր են արւում հակադրութիւն սերմանել Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ, սակայն, ակնյայտօրէն նրանց յոյսերն ի դերեւ են լինում` նախ եւ առաջ այսօրինակ ներկայացուցչական հաւաքների շնորհիւ, որտեղ վերահաստատւում է համայն հայութեան` միասնաբար գործելու յանձնառութիւնը, Փէրինչէքի գործով պետական եւ սփիւռքեան կառոյցների համագործակցութիւնը, – ընդգծեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով, – հարցումները պարզել են, որ աշխարհի 31 երկրի, այդ թւում` Չինաստանի, ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի 31 271 երիտասարդների 77 տոկոսը 1915թ. Հայոց կոտորածները որակում են որպէս Ցեղասպանութիւն: Սա ամենամեծ քաղաքական ձեռքբերումներից է»:
Զեկոյցի աւարտին նախարարը նշեց, որ 100-րդ տարելիցը եւ ձեռնարկները ոչ թէ նպատակ, այլ միջոց են` յաջորդ հանգրուանին պայքարը ահագնացնելու համար, որ 2015թ.-ին հայերը դուրս կու գան առաւել կազմակերպուած, առաւել համախմբուած:
«Մեր պայքարը շարունակուելու է «Յիշում եմ եւ պահանջում» կարգախօսով եւ բանաստեղծական պատգամով «Ով հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը քո միասնութեան մէջ է», «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք», – եզրափակեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը: