Մոսկուայի Մէջ Սուրբ Սարգիսի Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկ

«Օրհնուի՜ շնորհքդ, Սու՛րբ Սարգիս: Վաղ առաւօտեան, երբ բարձրանանք վանք ուխտի, ձիւնին վրայ կը տեսնենք մեր զօրավարի ոտնահետքերը»,- այսպէս արձագանքեց ալիւր մաղող մայրն աղջկան` ձիւնառատ սար ու ձորի հիացական բացականչութեան եւ այս տողերով մեկնարկեց Մոսկուայի «Հայորդաց տան» մէջ արագահաս սիրոյ բարեխօս սուրբին նուիրուած ձեռնարկը:

Ձեռնարկի հեղինակներ Նելլի Մելքոնեանն ու Սիլվա Գիւլիշեանը իրենց սաներուն միջոցով ներկայացուցին տօնի խորհուրդը եւ տօնական աւանդոյթները:

Ուսուցչուհիները բեմադրած էին փոքրիկ սիրոյ պատմութիւն, թէ ինչպէս արտագնայ աշխատանքի մեկնող երիտասարդը կը խնդրէ սիրած աղջկան սպասել իր վերադարձին, իսկ վերադարձի համար խոստացուած ժամկէտի աւարտէն ետք կը դիմէ սուրբ Սարգիսի օգնութեան` փափաքի իրականացման աջակցելու համար:
Սիրահարներու ցանկութիւնը կատարելէ ետք Սուրբ Սարգիսի կերպարը կը դիմէ հանդիսատեսին` ամենայն բարին ու գովելին սիրելու կոչով:

Պատմութեան ուսուցչուհի Սիլվա Գիւլիշեանն ու հայոց լեզուի ուսուցչուհի Նելլի Մելքոնեան ձեռնարկին շեշտը դրած էին ոչ միայն գեղեցիկ տեսարաններու, ամփոփ սենարի, այլեւ հայկական գեղեցկագոյն տարազներու
ներկայացման վրայ, որուն ընթացքին սաները ոչ միայն ներկայացուցին տօնին մատուցուող կերակրատեսակները, այլեւ, կոտրելով բեմ-հանդիսատես անտես անջրպետը, փոխինձ հիւրասիրեցին ներկաներուն:

Ձեռնարկը  իրենց գեղեցկագոյն կատարումներով փոխլրացուցին Լենա Բէգլարեանի ղեկավարած «Ովսաննա» եւ «Նորահրաշ» երգչախումբերու սաները, մենակատար Անի Պապեան, իսկ բեմը հայկական պարի նազանքով լեցնելուն աջակցեցան Մարգարիտա Գրիգորեանի ղեկավարած «Վարդավառ» պարային համոյթի սաները:

Հանդիսատեսը սիրով եւ հաճոյքով կը ձայնակցէր հոգեթով երգերուն եւ կը միանար բեմին վրայ սկիզբ առած եւ դահլիճ տեղափոխուած պարերուն:

Ներկաները միաժամանակ իմացան, որ Սուրբ Սարգիսի տօնը միայն փոխինձ պատրաստել եւ ժողովրդական սովորութեան համաձայն աղի կարկանդակ ուտելը չէ, տօնի մեծագոյն պատգամը Սուրբ Պատարագին մասնակցութիւնն ու իրարու հանդէպ սիրով ու նուիրումով լեցուիլն է: Իսկ ձեռնարկը աւարտեց հետեւեալ տողերով․ «Ամբողջ աշխարհը քնած էր, միայն Սուրբ Սարգիսն էր արթուն: Հազարաւոր խնդրանքներ, հազարաւոր երազանքներ հասած են անոր ու կը թռչէր իր ձիով Հայոց լեռնաշխարհով եւ հայ ընտանիքներուն բերելով յոյս, հաւատք, իսկ Հայոց աշխարհին` խաղաղութիւն»:

Ձեռնարկին աւարտին ներկաներու անունէն կազմակերպիչ ուսուցչուհիներուն իր շնորհակալութիւնը յայտնեց ուսուցչուհի Ալվինա Յովհաննիսեան` նշելով, որ Նելլի Մելքոնեանն ու Սիլվա Գիւլիշեանը կրցան իւրովի եւ նոր շունչով ներկայացնելու բոլորիս սիրելի տօնը եւ մէկ անգամ եւս յիշեցնելու տօնի խորհուրդն ու նշանակութիւնը:

Արմինէ Կարեյեան

Մոսկուա

02 03 04

Scroll Up