Սուրիահայ Բեմադրիչը Գահիրէի Մէջ Կ’արժանանայ Լաւագոյն “Բեմադրիչ” Մրցանակին

Սուրիահայ բեմադրիչ Կարօ Արարատ Գահիրէի մէջ կայացած արուեստի եւ տեղեկատւութեան մրցակաբաշխութեան,  կ’արժանանայ “լաւագոյն բեմադրիչ” մրցանակին: Այս մասին կը գրէ «Aztag Arabic»-ը:

Բեմադրիչը մրցոյթին ներկայացուցած էր «Նարինջի քաղաք» խորագիրը կրող կատակերգութիւն- դրուագաշարը, որուն մէջ ներկայացուցած է երկու քաղաքներ, ուր դրուագները կ’ընթանան  մշտական լրտեսութեամբ, դաւադրութեամբ, պատերազմներու, իրար կործանելու ծրագիրներու մշակմամբ, , այս բոլորը կը  ներկայացուի կատակերգութեան տեսքով:

Այս գործը  արժանացած է երեք ոսկէ մրցանակի, իբրեւ լաւագոյն կատակերգական գործ, լաւագոյն բեմադրիչ (Կարօ Արարատ), լաւագոյն արտահանող Մուհամէտ Էմին եւ լաւագոյն դերասանուհի Լէյլա Սալման: Նշենք, որ պատմութեան հեղինակը , նաեւ Կարօ Արարատն է:

Դրուագաշարին մէջ ընդգրկուած են դերասաններ արաբական տարբեր երկիրներէ, Սուրիայէն, Իրաքէն, Սէուտական Արաբիայէն, Յորդանանէն, Եգիպտոսէն, Պահրէյնէն, Լիբանանէն եւ Օմանէն:

Scroll Up