Ֆրանսայի Գրադարանին Մէջ Կայացած Է «Տիգրանի Կերպափոխութիւնները» Գիրքի Շնորհանդէսը

Փարիզի Մազարինի գրադարանին մէջ, մշակութային եւ հոգեւոր գործիչներու մասնակցութեամբ կայացած է Ալեքսանտր Սիրանոսեանի «Տիգրանի կերպարանափոխութիւնները» գիրքի շնորհանդէսը, որ գրուած է Մաքսիմ Եւադեանի հետ համագործակցութեամբ:

Այս մասին Artsakhpress-ի փոխանցմամբ` կը տեղեկացնէ «Nouvelles d’Armռnie» պարբերականը:

Երեկոն սկսած է հեղինակաւոր այդ գրադարանի տնօրէն Եան Սորտէի ելոյթով:

Ան ընդգծած է այդ հրատարակութեան կարեւորութիւնը արուեստի բնագաւառին մէջ, որ կը պատմէ դասական թատրոնին  եւ քնարական արուեստին մէջ հայերու ներկայութեան զարմանալի եւ անյայտ մանրամասներուն մասին:

Այնուհետեւ «Հայաստանի աղբիւրները» միութեան նախագահ Մաքսիմ Եւադեան ու Ալեքսանտր Սիրանոսեան գիրքէն նկարներ եւ մեկնաբանութիւններ  ներկայացուցած են, որուն հետեւած է լսարանի հետ կարճ քննարկում:

Գիրքերու մակագրման արարողութենէն առաջ Աստղիկ Սիրանոսեան (գիրքը նուիրուած է անոր  եւ քրոջը` Շուշանին) շնորհակալութիւն յայտնած է հօրը եւ կատարած Պախի թաւջութակի համար սիւիտն ու Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն:

Scroll Up