«Հալէպի մէջ մենք մեր Հայաստանը ստեղծած էինք, առանց հայկական հողի ու հայկական ջուրի…»

Նոյեմբեր 25-26-ը 2014-ին ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքի խորհուրդէն ներս տեղի ունեցաւ փոքրամասնութիւներու իրաւունքներուն նուիրուած 7-րդ ժողովը, որուն կը մասնակցէր նաեւ սուրիահայ իրաւաբան Գէորգ Յակոբճեան, որուն հետ զրուցած է «Հայերն այսօրը»:

– Գէորգ նախ կը նդրեմ, որ պատմէք ձեր մասին, որպէսզի միաժամանակ ծնօթանանք ձեզի հետ:

– Ծնած եմ Հալէպ, Սուրիա: Յաճախած եմ Ազգային Սահակեան Վարժարան, ապա Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան: Աւարտած եմ Հալէպի Պետական Համալսարանի Իրաւագիտութեան բաժինը: Մաքիստրոսական բարձրագոյն ուսումս ստացած եմ Անգլիոյ  University of London/SOAS համալսարանէն՝ արժանանալաով Միջազգային Օրէնքի  մաքիստիրոս աստիճանին: Լոնտոնի, Ժընեւի, Հալէպի, Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ հետեւած եմ լրագրական, body-languag-ի, ղեկավարութեան, ժամանակակից մտածողութեան,  հանրային ծառայութեան, մադկային իրաւունքներու, խաղաղութիւն հաստատելու, փոքրամասնութեան իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ Հայոց պատմութեան  դասընթացքներու:

Կը տիրապետեմ Հայերէն, Անգլերէն, Արաբերէն եւ Թրքերէն լեզուներուն: Յօդուածներով եւ ժամանակակից  աշխատասիրութիւններով մասնակցութիւնս կը բերեմ «Ազդակ» եւ «Գանձասար» թերթերուն, ինչպէս նաեւ քանի մը երիտասարդական պարբերաթերթերու մէջ:

Շատ փոքր տարիքէս անդամակցած եմ հայկական զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, ինչպէս օրինակ՝ Սուրիոյ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարքերուն, Համազգային Միութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական գրասենեակին եւայլն: Մասնակցած եմ զանազան խորհրդաժողովներու, գիտաժողովներու եւ սեմինարներու իբրեւ մասնակից ու երբեմն իբրեւ դասախօս ու զեկուցաբեր:

Այժմ Լիբանան կը բնակիմ եւ քանի մը ոչ կառավարական կազմակերպութիններու հետ գործակցութեան կողքին PHD դոկտորական կոչում ստանալու աշխատանքներուն կը պատրաստուիմ:

– Ծնած էք Հալէպ, կ’ուզէի պատմէք նախկին ու ներկա Հալէպի մասին Ձեր յիշողութիւնները, ապրումները:

– Կարելի չէ Հալէպի մասին իմ անմոռանալի յիշողութիւններս հարցազրոյցի մը մէջ սահմանափակել: Կը կարծեմ, որ հատորներ կրնամ գրել Հալէպի, Հալէպեան կենցաղին, Հալէպահայութեան ազգային ու ընկերային արժէքներուն մասին: Ամէն պարագայի, յիշողութիւններուս մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւեն Հալէպի եռուն եւ հարուստ ազգային, գրական, մշակութային ու մանաւանդ ընկերային կեանքը: Մտապաստարիս վրայ մնայուն ներկայութիւն են Հալէպեան մեր կառոյցները, տօնակատարութիւններն ու հանդիսութիւնները, միութենական բանակումներն ու ծրագիրները: Մէկ խօսքով, չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, թէ՝ Հալէպի մէջ մենք մեր Հայաստանը ստեղծած էինք, առանց հայկական հողի ու հայկական ջուրի…

Ներկայ Հալէպի մասին ու անոր ցաւալի եւ դժուար վիճակին մասին շատ կը խօսինք: Պէտք է շարունակենք խօսիլ ու մանաւանդ գործենք Հալէպի համար… Վստահաբար դժուարութիւններ ու թերութիւններ կը պատահին, սակայն մօտաւորապէս չորս տարի դպրոցներ, եկեղեցիներ, ազգային կառոյցներ, միութիւններ, մանուկներու պատսպարան ու ծերանոց պահելը դիւրին աշխատանք չէ:  Ես կը խոնարհիմ մինչ օրս Հալէպ  ապրող հայութեան առջեւ, կը խոնարհիմ անոնց անկոտրում կամքին, հաւատքին ու քաջութեան առջեւ:

– Ձեր կարծիքով, հայ (սուրիահայ) երիտասարդները այսօր ի՞նչ առաքելութիւն ունին:

– Այսօր,  Սուրիա ապրող հայ երիտասարդը պատերազմին պատճառած լուրջ մարտահրաւէրներուն դիմաց պայքարելու կողքին, կը հաւատամ որ, տեղւոյն հայութեան ծառայելու,  հայապատկան կալուածները պահպանելու եւ պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ մեր ազգային արժէքներն ու աւանդոյթները վառ պահելու առաքելութիւն ունի: Գնահատելի երեւոյթ է, որ Սուրիոյ մէջ տարուող մարդասիրական եւ ծառայողական աշխատանքներուն մէջ Սուրիահայ երիտասարդութեան զգալի տոկոսը գիտակից է իր կոչումին եւ նուիրուած է հաւաքական աշխատանքի:

Իսկ այն Սուրիահայ երիտասարդները, որոնք կամա թէ ակամա Սուրիայէն դուրս կ՛ապրին, ամէն միջոցներով Սուրիա ապրող իրենց հարազատները, բարեկամներն ու ընկերները օժանդակելու պարտականութիւն ունին, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրը իր ոլորտին ու մասնագիտութեան մէջ Սուրիահայութեան անվտանգութիւնը, ֆիզիքական գոյատեւումը, բարեկեցութիւնը ապահովելու համար տարածաշրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ հսկայ քարոզչական ու քաղաքական աշխատանք ունի կատարելիք:

Կը հաւատամ նաեւ, որ այո Սուրիահայ երիտասարդը նախ եւ առաջ պէտք է Սուրիահայութեան կարիքները հոգայ, բայց նաեւ իր ներդրումը ունենայ ընդհանրապէս Սուրիական տագնապին խաղաղ միջոցներով լուծումներ գտնելու աշխտանքին մէջ: Սուրիահայ երիտասարդը բոլորէն աւելի սուրիական տագնապը երկխօսութեամբ, խաղաղութեամբ, հանդուրժողականութեամբ լուծելու ջատագովներէն պէտք է ըլլայ:

Այս բոլորէն բացի, Սուրիահայ երիտասարդը իր դերակատարութիւնը ունի նաեւ Հայաստանի պետականաշինութեան, հզօրացման, հայ դատի հետապնդման, Արցախեան հիմնախնդրի լուծման, արեւմտահայ կերպարի պահպանման եւ հայութեան խնդիրները միջազգայինօրէն բարձրաձայնելու աշխատանքներուն մէջ:

– Ինչպէ՞ս ստացուեցաւ, որ մասնակցեցաք ՄԱԿ-ի ծրագրին:

– ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւունքներու Գերագոյն Հաւատարմութեան կազմակերպած Փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ծրագրին կրնան մասնակցիլ ցեղային, կրօնական, ազգային ու լեզուական փոքրամասնութիւններու պատկանող անհատներ, որոնք ունին մասնագիտական բարձրագոյն վկայական, տեղեակ են իրենց պատկանած փոքրամասնութեան դիմագրաւած ժամանակակից խնդիրներէն եւ երաշխաւորագիր կը ստանան փոքրամասնութեան պատկանող կազմակերպութեան մը կամ կառոյցի մը կողմէ:

Դիմումնագիրներ ներկայացնողները կը պատրաստեն իրենց պատկանած փոքրամասնութեան մասին համապատասխան ուումնասիրական աշխատանք եւ նախնականապէս դիմումնագիրը ընդունուելու պարագային, հարցազրոյցի կը հրաւիրուին կազմակերպող մարմնի կողմէն, ապա կը յստականայ դիմունագիրի ընդունուած կամ չընդունուած ըլլալը: Թեկնածուները ընտրելու գործընթացին մէջ, դիմորդներուն գիտական,  ու փորձարական կարողութիւններուն կողքին նկատի առնուած է տուեալ փոքրամասնութեան դիմագրաւած մերօրեայ լուրջ մարտահրաւէրներն ու խնդիրները:

– Ի՞նչ զեկոյցով հանդէս եկաք:

– Վերջին եօթը տարիներուն ՄԱԿ-ի Մարկային Իրաւանց Խորհուրդին մէջ տեղի կ՛ունենայ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն նուիրուած ժողով: Իւրաքանչիւր տարի ժամանակակից հարց մը կը քննարկուի եւ համանպատասխան քննարկումներ եւ թելադրանքներ կը պատրաստուին: Այս տարուան ժողովը պիտի քննէ հետեւեալ խորագիրը՝ «փոքրամասնութիւններու հանդէպ կատարուած դաժանութեան ու բռնութեան հանցագործութիւնները կանխարգիլելու եւ կատարուելու պարագաներուն կասեցնելու ձեւերը»:

Ժողովի նախօրեակին կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութեան ընթացքին հանդէս եկայ «Երիտասարդութեան դերը փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ կատարուած հանցագործութիւնները կասեցնելու» խորագիրով, իսկ ժողովի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան անունով, վեր առի սուրիահայութեան դիմգարաւած լուրջ դժուարութիւնները եւ զանոնք միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն համաձայն յաղթահարելու համար, համապատասխան առաջարկներ ներկայացուցի:

– Ի՞նչ է ծրագրին մասնակցելու կարեւորութիւնը:

 – Ծրագիրը բազմօգուտ է զանազան իմաստներով: Նախ մասնակցողին հնարաւրութիւն կու տայ գործնականօրէն ծանօթանալու եւ իր մասնակցութիւնը ունենալու ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց հսկայ ու բազմաճիւղ կառոյցներուն եւ անոնց աշխատանքներուն: Երկրորդ՝ յարաբերութիւններ ստեղծելու, այլ փոքրամասնութիւններու փորձառութիւններէն օգտուելու առիթներ կ՛ընծայէ: Երրորդ մասնակցողը կ՛օժտէ իրաւական այն միջոցներով, զորս կարելի է օգտագործել տեղական ներքին մակարդակներու վրայ եւ կը պաշտպանէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:

Չորորդ եւ ամէնէն կարեւորը փոքրամասնութեան դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները միջազգային հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու եւ համապատասխան լուծումեր որոնելու առիթ կը ստեղծէ: Ցաւ ի սիրտ, կրնամ խոստովանիլ որ, Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրները նպատակաուղղուած քարոզչութեան պակասին պատճառով, համապատասխան եւ արժանի ձեւով միջազգային հանրութեան ուշադրութեան չէ արժանացած: Այս եւ նման ծրագիրներ նպատակայարմար բեմեր են հայութեան հարցերը բարձրաձայնելու համար:

– Նկատի առած որ հայութիւնը աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ փոքրամասնութիւն կը կազմէ, ինչ ըսելիք ունիք այս ուղղութեամբ:

– Պէտք է ըսել որ, որպէս փոքրամասնութիւն աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հայութեան վայելած իրաւունքները կը տարբերին երկրէ երկիր, միջավայրէ միջավայր: Իւրաքանչիւր պետութիւն իր որդեգրած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգին համապատասխան կը վերաբերի իր երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ հայութեան հետ:

Որոշ երկիրներու մէջ, իբրեւ փոքրամասնութիւն հայութեան վայելած իրաւունքները ընդհանրապէս կը յարգուին, մինչ ուրիշ տեղեր անոնք կ՛անտեսուին: Ամէն պարագայի փոքրամասնութեան իրաւունքները մարդկային իրաւունքներուն մէկ անբաժան մասն է, ամրագրուած է միջազգային օրէնքի զանազան բաղադրիչներուն մէջ: Փոքրամասնութիւններու իրաւունքները համաշխարհային են, այլ խօսքով անոնք նոյնն են, առանց աշխարհագրական դիրքի կարեւորոթեան:

Փոքրամասնութեան իրաւունքները հիմնական չորս սիւներու վրայ կարելի է կառուցել՝

ա-գոյութեան իրաւունք

բ-ինքնութեան պաշտպանութիւն

գ-անխտրականութիւն եւ հաւասարութիւն

դ-քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքերու արդիւնաւէտ մասնակցութիւն:

Այս չորս սկզբունքներուն վրայ հիմնուած է փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն նուիրուած բոլոր օրէնքները: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր հայու արդար իրաւուքն է այս տարրական իրաւունքները վայելելը: Այն երկիրներուն մէջ որ յարգուած են այս իրաւունքները, հայութիւնը կոչուած է զանոնք առաւե՛լ ամրագրելու եւ լաւագոյնս օգտագործելու, իսկ այն երկիրներուն մէջ որոնք չեն յարգուած՝ հայութիւնը աշխատանք պիտի տանի իրաւական միջոցներով զանոնք ձեռք բերելու համար:

– Ի՞նչ կը փոխանցէք Հայաստանի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն մասին:

– Ինչ որ գիտեմ, Հայաստանի բնակչութեան 2.5 առ հարիւրը ցեղային, ազգային, կրօնական ու լեզուական փոքրամասնութիւններէ կը բաղկանայ, ինչպէս օրինակ Եզիտիները, պարսիկները, քիւրտերը, ռուսերը, ասորիները եւ այլն: Այստեղ մէկ երեւոյթի կ՛ուզեմ ադրադառնալ: Վերջերս Հայաստանի մէջ տասը հազարը անցնող լեզուական փոքրամասնութիւն մը կազմուեցաւ։

Այդ փոքրամասնութեան անդամները Միջին Արեւելքին մէջ ընթացող դէպքերուն պատճառով Հայաստան հաստատուած հայերն են, որոնք արեւմտահայերէն կը խօսին: Ճիշդ է, որ Հայաստանի պետական լեզուն հայերէնն է եւ իրաւականօրէն խտրականութիւն չկայ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ, սակայն գետնի վրայ եւ բնականաբար՝ արեւելահայերէնն է գերիշխող լեզուն:  Խնդրանքս է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, իրաւական եւ համապատասխան եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով, ձեռնարկութիւններով, կառոյցներով եւ օժանդակութիւններով ապահովէ եւ երաշխաւորէ այս յատուածին լեզուական իրաւուքները, որպէսզի, գոնէ հայրենիքի մէջ, արդէն իսկ վտանգուած արեւմտահայերէնը փրկելու եւ պահպանելու առիթ ունենանք:

Ծնած ղք ու կ’ապրիք Սփիւռքի մէջ. ի՞նչ է Ձեզի համար հայրենիքը:

– Հայրեինքը իմ էութեանս մէկ անբաժան մասն է: Իմ ազգային պատկանելիութեան հենարանն ու հպարտութեան աղբիւրը: Այո, սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած եմ, սակայն հայրենիքը իմ ու իմ սերնդակիցներուս կեանքին մէջ մնայուն ներկայութիւն եղած է ու կը շարունակէ մնալ: Հայրենիքը վերացական երեւոյթ մը չէ, այլ շօշափելի իրականութիւն մը, որուն զօրութեան, անկախութեան եւ անվտանգութեան համար Հայաստան ծնած հայուն չափ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունինք: Վերջաւրութեան Հայութեան ու Հայաստանի պատկանելիութիւնը մարդու ծննդավայրին հետ այդքան ալ կապ չունի:

Այո, իրապաշտ ըլլալու համար, թերեւս այսօրուայ Հայաստանը մեր երազած վարդագոյն Հայրենիքը չէ: Ան Քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու յարաբերական մակարդակներու վրայ բազմաթիւ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:  Բայց այս իրականութեան պատճառները հասկնալի պէտք է ըլլան սփիւռքահայ երիտասարդին համար, որպէսզի չյուսահատի եւ իր ներդրումը ունենայ այս դժուարութիւնները յաղթահարելու գործին մէջ:

Զրուցեց Լուսինե Աբրահամեան

Գևորգ-ՄԱԿ-խմբանկար

Scroll Up