«ԱՌՆՈՒԱԶՆ ԵՐԵՔ ՈՐԴԻՈՎ ՍԵՂԱՆ ՆՍՏԻՆՔ»
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԾԽԱԽՈՏԻ»
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ԵԿԷ՛Ք ՀԶՕՐԱՑՆԵՆՔ ԶԱՅՆ»
«ՀԱՅ Է ԱՆ, ՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՅ»
«ՀԱՅԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԷՆ ԲԱՑԻ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ ՇԱՀ ՍՏԱՆԱՅ»
«ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ, ՏԷՐՆ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ԱՄԵՆՈՒՐԵՔ»
«ՔՈՒ ՏԱՂԱՆԴԷԴ, ՇՆՈՐՀՆԵՐԷԴ ԱՓ ՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈ՛ՒՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻԴ»
«ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՕՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ»
«ԱՌՆՎԱԶՆ 3 ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆԳՍՏԱՑԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ»
«ԳԾԷ՛ ՏՈՀՄԱԾԱՌԴ»
«ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՒՆ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ»
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԵՒ «ԵԱՆ»-Ը ՔՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»
«ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ ՈՒՆԵՑԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՐ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
«ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ» Պ. ՍԵՒԱԿ
«ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է» Ե. ՉԱՐԵՆՑ

Ատրպէյճանը ԼՂՀ Օդային Տարածքը Ոչ Թռիչքային Գօտի Յայտարարած Է

Ատրպէյճանը ոչ թռիչքային գօտի յայտարարած է «բռնագրաւուած տարածքներու օդային տարածութիւնը եւ ըստ սահմանուած կարգի այդ մասին տեղեակ պահած է Քաղաքացիական օդուժի միջազգային կազմակերպութեան անդամները”: Այս մասին նշուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ` կապուած ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ հարուած ստաղած ԼՂՀ ՌՕՈՒ Մի-24 ուղղաթիռին վերաբերեալ: Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնը՝ ըստ panorama.am-ի՝ հրապարակած է APA գործակալութիւնը:

«Լարուածութեան պահպանման հիմնական պատճառը այն է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը կը գտնուին Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Այդ իսկ պատճառով իրադրութեան լարուածութեան պատասխանատուութիւնը ամբողջովին Հայաստանի վրայ է”,- ըսուած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ երէկ ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ ժամը 13.45-ին ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ատրպէյճանական ԶՈՒ-ի կողմէ հրադադարի կարգի խախտման արդիւնքով վար ինկած է ԼՂՀ ՌՕՈՒ Մի-24 ուղղաթիռը:

Scroll Up