Հալէպի Մէջ Զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Պահակը

Այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Հալէպի մէջ Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին դիմաց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած պայթուցիկ տակառի մը պայթումին հետեւանքով զոհուեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի պահակ Նազարէթ Մալճեանը (1965-ի ծնունդ):

Հանգուցեալին թաղմանական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Այս մասին “Հայերն Այսօրին” յայտնեց “Գանձասար” շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Scroll Up