Ղազախստանի Աքտաու Քաղաքին Մէջ Խաչքար Պիտի Տեղադրուի
Ղազախստանի Մանգիստաուի Մարզի Աքտաուի Հայկական Մշակութային կեդրոնի նախագահ Հայրապետ Կուրտօղլեանի նախաձեռնութեամբ 2015 թ.-ի Սուրբ Զատկուան տօնին ընդառաջ Ղազախստանի Աքտաու քաղաքին մէջ հայ համայնքին համար խաչքար պիտի կանգնեցուի: Այս մասին «Հայերն այսօր»–ին կը տեղեկացնէ Հայրապետ Կուրտօղլեան, որ այս օրերուն Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ կը գտնուի: «Ղազախստանի մէջ հայկական եկեղեցի չկայ, միայն 1877 թուականին կառուցուած հին մատուռ մը պահպանուած է: Որոշմանս մասին տեղեկացուցած եմ Ղազախստանի հոգեւոր հովիւին, ինչպէս նաեւ այս հարցին շուրջ ստացած եմ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի համաձայնութիւնը: Խաչքարը Հայաստանէն պիտի տանիմ Ղազախստան եւ յոյս ունիմ, որ յաջորդ տարի` Սուրբ Զատիկին, այն արդէն տեղադրուած կ’ըլլայ,-ըսած է Հայրապետ Կուրտօղլեան: