Չինաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Անկախութեան 23-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ընդունելութիւն
Սեպտեմբեր 23-ին Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մէջ կազմակերպուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձին, այս մասին կը հաղորդեն ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն:
Հանդիսաւոր ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Փեքինի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, զինուորականներ, Չինաստանի գործարար շրջանակներու եւ երկրի յառաջատար զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Ընդունելութեան մասնակցեցաւ Չինաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Վան Չաոն, որուն հետ դեսպան Արմէն Սարգսեան ունեցաւ առանձնազրոյց` քննարկելով երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող տարաբնոյթ հարցեր:
Ընդունելութեան մասնակիցներուն ներկայացուեցաւ ՀՀ անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով դեսպանութեան կողմէն լոյս ընծայուած «Armenia» անուանմամբ տեղեկատուական գրքոյկը, ուր, մասնաւորապէս, ներկայացուած են Հայաստանի պատմութիւնը, մշակոյթը, ներդրումային եւ զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները:
Նոյն օրը երեկոյեան դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` Փեքինի մէջ ուսանող հայ երիտասարդներու համար: