Քանատացի Խորհրդարանականներն Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Հայաստան ժամանած Քանատայի Համադաշնութեան խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

Քանատայի խորհրդարանի անդամները ծաղիկներ տեղադրեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը:

Պատուիրակութեան անդամները շրջայց կատարեցին նաեւ Յուշապատին մօտ:

Խորհրդարանականերն այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահը, ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող ժամանակաւոր ցուցադրութեան հետ:

www.genocide-museum.am

Scroll Up