«Վնասուածը Վերականգնելու Կարիքը Կայ…»

Յունիս 21-ին տեղի պիտի ունենայ «Ֆրեսկօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր շարժանկարներու միջազգային փառատօնի հանդիսաւոր բացումը, որուն նախաձեռնողներն են «Ֆորմիքա Արթ Փրոտաքշնը» եւ «Ծիածան» հասարակական կազմակերպութիւնը` Արարատեան հայրապետական թեմի օրհնութեամբ:

Փառատօնի նպատակն է շարժանկարներու, հոգեւոր եւ մշակութային երկխօսութեան միջոցով սիրոյ, համերաշխութեան, հոգեւոր ներդաշնակութեան ծիլեր սերմանել ու համամարդկային արժէքները վերահաստատել:

Փառատօնի տնօրէն Աննա Կարապետեանի խօսքով` փառատօնը արդէն իսկ իւրայատուկ կենդանութիւն ստացած է եւ իր շուրջը համախմբած է երիտասարդներ, կամաւորներ, սոցիալական յատուկ խումբեր ու սահմանափակ կարողութիւն ունեցող անձանց:

Այս օրերուն աշխուժութիւն կը տիրէ փառատօնի գրասենեակին մէջ, կ’ընթանան նախապատրաստական աշխատանքները: Կը պատրաստուին բացման արարողութեան ժամանակ օգտագործուելիք պարագաներ` բարձեր, մոմեր, կը կատարուին շարժանկարներու թարգմանութիւններ եւ այլն:

Երեւանի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան անդամները, որոնց միացած են նաեւ կամաւորներ, տարբեր փորձարկումներու, յանկարծաբանութեան շնորհիւ  կրցած են միահամուռ ուժերով մոմ ստանալ: Իսկ թէ ինչ նպատակի պիտի ծառայեն մոմերը,  կը պարզաբանէ Աննա Կարապետեան.

«Մոմերը պիտի օգտագործուին բացման արարողութեան ժամանակ: Կը նախատեսենք 2500 մոմ պատրաստել, մեր կամաւորներն արդէն 1000-է աւելի պատրաստած են: Մոմի ժապաւէնի վրայ փակցուած պիտի ըլլայ նաեւ աղօթք: Կը Ցանկանք, որ փառատօնի բացման իւրաքանչիւրը իր հետ  լոյս տանի»:

Յունիս 21-ը` փառատօնի բացման օրը, նաեւ Գրիգոր Լուսաւորիչի ծննդեան օրն է: Առաւօտեան փառատօնի հիւրերը, կամաւորները, բոլոր ցանկացողները ուխտագնացութեան կ’երթան Խոր վիրապ, ուր պիտի  կատարուի մոմի օրհնման կարգ: Օրհնուած մոմի լոյսով երեկոյեան արդէն կը վառուին բոլոր մոմերն ու կը փոխանցուին ներկաներուն:

Փառատօնի համար գրուած է նաեւ երգ. հեղինակը Վահէ Հայրապետեանն է, իսկ գործիքաւորումը`  Երուանդ Երզնկեանը, ով, ինչպէս շատ-շատերը, նոյնպէս ցանկացած է իր լուման ներդնել փառատօնին: Երգի կատարման պիտի միանան նաեւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ խուլերու համայնքը եւ երգը պիտի ներկայացնեն ժեստերու լեզուով:

Փառատօնի նախապատրաստական աշխատանքներուն  միացած են նաեւ Խարբերդի մանկատան սաները, որոնց ձեռքով պիտի պատրաստուին փառատօնի մրցանակները:

«Ուրախ ենք, որ փառատօնը չսկսած` արդէն իսկ համախմբած ու մտերմացուցած է մարդոց: Այս օրերուն ընթացքին նաեւ բացայայտեցինք, հասկցանք, թէ որքան լաւ, պատրաստակամ երիտասարդներ ունինք»,- կ’եզրափակէ իր խօսքը Աննա Կարապետեան:

Փառատօնին հաշուած օրեր մնացած են, ու ինչպէս կ’ըսուի` վնասուածը վերականգնելու կարիքը կայ… Կարիքը կայ` այսօր, վաղը եւ…

«Հայերն այսօրը» Ֆրեսքոյի փառատօնի տեղեկատուական  աջակիցն է:

Լ.  Աբրահամեան

Scroll Up