Ուրուկուահայ Երիտասարդներու Բողոքը Ի Նպաստ Քեսապի

Սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ, ի նպաստ Քեսապի համար բարձրացած բողոքի մեծ ալիքին, եկան իրենց ներդրումը բերելու նաև Մօնթէվիտէոյի մէջ գործող կարգ մը կազմակերպութիւներու երիտասարդական միութիւները, որոնք միասնաբար բողոքի ցոյց մը կատարեցին մայրաքաղաքի կեդրոնը, նպատակ ունենալով տեղացի ժողովուրդին իրազեկ պահել Քեսապի մէջ կատարուածի մասին։ Այս մասին Ուրուկուէյէն ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ մեր գործընկեր Կարօ Հէքիմեան

“Փրկենք Քեսապը” պաստարներով, եռագոյն և Սուրիոյ դրօշներով, Քեսապի իրավիճակի մասին պատմող թերթիկներ բաժնելով և անցորդներուն բացատրութիւններ տալով, մեր տղաքն ու աղջիկները երկու ժամուայ ընթացքին յաջողեցան ուշադրութիւն գրաւել, բանուկ երթևեկութեան այդ կեդրոնի մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով։

Scroll Up