Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ Տարելիցին Դէմ Գործողութիւններու Կոմիտէ Ստեղծած Է

Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ ստեղծուած է յատուկ կոմիտէ, որ պիտի զբաղի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին առիթով հայկական կողմի իրագործելիք ձեռնարկներու դէմ գործողութիւններով: Այս մասին, կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով թրքական «Հուրիէթ» թերթը:
Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ ստեղծուած կոմիտէն գրութիւն ուղարկած է բոլոր նախարարութիւններուն, պահանջած է, որպէսզի վերջիններս գործողութիւններու ծրագիր կամ առաջարկութիւններ ներկայացնեն ցեղասպանութեան իրողութեան մասին հայկական պնդումներուն դէմ:
«Կոմիտէի ստեղծումը նախաձեռնած են Թուրքիոյ եւրոընդելուզման հարցերու, արտաքին գործոց նախարարութիւնները եւ թրքական կառավարութեան խորհրդականները: Այդ ձեռնարկման նպատակը հայկական կողմի իրականացնելիք գործողութիւններու կամ ատոնց ազդեցութիւններու չէզոքացումն է»,- գրած է թերթը:
armenpress.am