Սերգէյ Փարաջանովը 90 Տարեկան Կը Դառնար

Յունուար 9-ին 20-րդ դարու համաշխարհային ֆիլմարուեստի մեծագոյն վարպետներէն մէկը` Սերգէյ Փարաջանովը, կը դառնար 90 տարեկան… Բայց արդէն երկար ժամանակ մեր ֆիլմարուեստի իսկական մայեստրոն կ’ապրի մեր յիշողութիւններուն մէջ` օրէօր պարտադրելով մեզ խորանալ իր ստեղծագործութեան մէջ, նորովի գնահատել ու նորովի մեկնաբանել այն ամէնը, ինչ որ ինքը ստեղծած է: Թերեւս, քանակական առումով, Փարաջանովի ստեղծածը համահունչ չէ հէնց իր ժամանակակիցներէն շատերու ստեղծածին, մանաւանդ որ շատ յաճախ ան ստիպուած եղած է իր լաւագոյն տարիները ապրիլ ճաղերու ետեւ, զրկուելով ստեղծագործելու հնարաւորութենէն, սակայն մեծ այլախոհը կարողացած է իր սակաւաթիւ շարժանկարներով հասնիլ գեղարուեստականի ու գեղագիտականի իր ընկալումներու հաստատման եւ շարժանկար բերել միանգամայն նոր մտածողութիւն, ժխտել դիպաշարային շարժանկարի աւանդոյթներն ու հաստատել այլաբանութեան եւ բանաստեղծական խորհրդանիշի տարատեսակը` միաւորելով-մէկտեղելով արեւելեանն ու արեւմտեանը, գեղանկարչական կառուցուածքն ու բանաստեղծական բնաբանը…
Աշխարհը թատրոն է` գունագեղ-հետաքրքիր, իր խաղային պայմանականութիւններով, իր ուշագրաւ «դեկորացիաներով» , որոնք անընդհատ կը շարժին, կը փոփուին, որոնք իրենց փոփոխումներով կը ծնին մտքի ու յոյզի շարժումը… Ահա Փարաջանովի գեղարուեստական ընկալման յենակէտը, որուն ան հաւատարիմ մնաց իր ողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին` Էլ Գրեկոյի նման երթալով իրավիճակի տրոհման ու ամէն ինչի մէջ բանաստեղծական այլաբանութեան հաստատման: Կեանքը, որ կը դառնար Փարաջանովի համար ստեղծագործութեան ինքնատիպ նիւթ ու ներշնչանք, գունային-առարկայական կառուցուածք մըն էր, իւրատեսակ պարզում, ուր ամէն ինչ կը շարժէր-կ’իմաստաւորուէր գոյնի ու յոյզի «տրամաբանութեամբ»:
Ուրեմն, Փարաջանով արտերեւոյթը կը բացատրուի առաջին հերթին այս առանձնատիպութեամբ, որ ֆիլմարուեստի մէջ եղաւ չգերազանցուած ու եզակի: Ֆիլմը շարժում կ’արձանագրէ, շարժման ընթացքը ցոյց կու տայ: Փարաջանովը կատարեալ յեղափոխութիւն բերաւ ֆիլմարուեստ` առաջնային դարձնելով մտքի, յոյզի գունային դրսեւորումներու շարժումը, ըսած է թէ` շարժանկարը դիտարկելով ոչ սովորական գործողութիւններու, պատմուող դիպաշարի արտացոլման վայր: Թատրոնն ու շարժանկարը կոչուած են ներկայացնելու մարդկային կեանքը իր տարբեր դրսեւորումներով, իսկ ահա Փարաջանովը մղուեցաւ դէպի Ոգու կեանքի պատկերումը` շարժանկարը դարձնելով բնազանցականի ու իրականի մէկտեղումը, վերացականի ու հաստատումի ներհիւսումը: Խաղարկային արուեստին մէջ (իսկ շարժանկարը այդ արուեստի լաւագոյն օրինակն է), դժուար է պատկերել Ոգու կեանքը, դժուար է ներկայացնել «անգործողութիւն» շարժումը: Փարաջանովը հէնց այս խնդիրին սեւեռեց ու հասաւ մեծագոյն ձեռքբերումներու` ստեղծելով փիլիսոփայական շարժանկար, որն իր ակունքները կը կապէ միջնադարեան արհեստներուն, ժողովրդածիսական խաղերուն, մտքի ու պատկերի «փոփոխութիւններուն»…
Մեծ բեմադրիչի աշխատանքները դժուարութեամբ կը հասկցուէին եւ դժուարութեամբ կ’ընդունուէին: «Մոռացուած նախնիներու ստուերները» շարժանկարը, որն ամբողջապէս կը հենուէր բանահիւսական հենքի վրայ, սիրոյ ողբերգութիւնն էր` դիտուած այլասացութեան ու բանաստեղծական ընկալման դիրքերէն: Շարժանկարին մէջ որեւէ խօսք չի հնչեր, սակայն տպաւորութիւնը այնպիսին է, թէ կը հնչէ չափածոյ բանաստեղծութիւն` զարմանալի-հետաքրքիր պատկերներու յարահոսով, զգացումներու անզուսպ պոռթկմամբ: Ժամանակի հանդիսատեսը խանդավառ չեղաւ նաեւ «Նռան գոյնի» պարագային, շարժանկարի մը, որ ինքնատիպ կերպով բացայայտեց Սայաթ-Նովային, անոր միջոցով` ողջ միջնադարեան բանաստեղծութիւնը` անթաքոյց դարձնելով «պատկերի բանաստեղծութեան» ներթափանցումները տեսալսողական կտաւ…
Սերգէյ Փարաջանովի մահէն ետք միայն սկիզբ առաւ անոր ստեղծագործութեան ճշմարիտ գնահատման ու ընկալման ժամանակաշրջանը: Միայն հիմա հնարաւոր դարձաւ հետազօտել այն ամէնը, ինչ որ բերաւ ու հաստատեց ֆիլմարուեստի մէջ Փարաջանովը…
Լեւոն Մութաֆեան