Ֆրանսայի Հայերը Ստորագրահաւաք Կազմակերպած Են` Կոչ Ընելով Բողոքարկել Փերինչէքի Գործով Դատարանի Կայացուցած Որոշումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/1870261.jpg)
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կազմակերպած է ստորագրահաւաք, որուն միջոցով Զուիցերիոյ կոչ ուղղած է` բողոքարկել մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած որոշումը Դողու Փերինչէքի գործի առթիւ: Այդ մասինNEWS.am-ին յայտնած է փարիզեան լրագրող ժան Էքեանը:
ֆրանսայի հայերը միջնորդագիր առաջարկած են, որ հնարաւոր է ստորագրել այստեղ:
Յիշեցնենք, որ ՄԻԵԴ-ը բաւարարած էր հակահայկական թուրք գործի Դողու Փերինչէքը հայցն ըննդէմ Զուիցերիոյ` իր որոշումը հիմնաւորելով խօսքի ազատութեան սկզբունքով: Թրքական կողմը յոյս յայտնած է, որ այս որոշումը նախադէպ կը ծառայէ եւ ետ կը պահէ այն երկիրները, որոնք կը ցանկան քրէականացնել 1915թ.-ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:
Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան նախագահ Դողու Փէրինչէքը 2008թ.-ին Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուած էր Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակային ժխտման համար: Անոր կողմէ ստեղծուած «Թալեաթ փաշա» կազմակերպութիւնը կը պայքարի Եւրոպայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ:
NEWS.am